Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպանը Կը Յայտարարէ. «Հայաստանը Մեր Դրացին Է Եւ Մենք Յարգանքով Կը Վերաբերինք Այդ Երկրին Եւ Հայերուն Նկատմամբ»

Pakahi-Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսեն Փաքայի ազրպէյճանական «Մետիաֆորում.ազ» կայքէջին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ` «Հայաստանը մեր դրացին է, եւ մենք յարգանքով կը վերաբերինք մեր բոլոր դրացի պետութիւններուն նկատմամբ»:

Անդրադառնալով Պաքուէն հնչող այն մեղադրանքներուն, թէ ինչու «Իրան կ՛աջակցի քրիստոնեայ պետութեան մը, որ բռնագրաւած է իսլամական երկրի տարածքի 20 առ հարիւրը»` դեսպանը ըսած է, թէ Թեհրան Հայաստանի կողքին կը կանգնի նաեւ այն պատճառով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ պատերազմի չվերածուի:

«Ատիկա նաեւ Ազրպէյճանի շահերէն կը բխի, կը կատարուի, որպէսզի Ազրպէյճանը քրիտոնեայ աշխարհի ճնշումին տակ չյայտնուի», «Հաքքին.ազ» կայքէջի հաղորդմամբ ըսած է դեսպանը եւ աւելցուցած. «Հայաստանին բազմաթիւ երկիրներ կ՛աջակցին, Պաքուն, սակայն, կարծես այդ երկիրները չի նկատեր… Միացեալ Նահանգներ, իբրեւ օգնութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի միլիառաւոր տոլարներ կը յատկացնէ, ամերիկացի դէտերը նոյնիսկ դիտարկում կը կատարեն Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւններուն ընթացքին եւ կարելի է ըսել, որ ըստ էութեան ճանչցած են շրջանի անկախութիւնը: Չես գիտեր ինչու Ազրպէյճանին միայն Իրանը կը քննադատէ»:

Փաքայի ընդգծած է նաեւ, որ հայերը Իրանի մէջ յարգանք կը վայելեն եւ, իբրեւ Իրանի քաղաքացիներ, կ՛օգտուին բոլոր իրաւունքներէն եւ արտօնութիւններէն: «Դուք հաւանաբար կը յիշէք Սաթար Խանը (Իրանի ազգային հերոս, 1867-1914), ուրեմն գիտցէք, որ անոր զինակից ընկերը ազգութեամբ հայ Եփրեմ խանն էր, եւ անոնք երկուքն ալ իրենց կեանքը նուիրած են յանուն Իրանի ազատագրման», յայտարարած է Իրանի դեսպանը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել