Ակնարկ. Պաքուի Ծառայութիւնը Եւ ՄԱԿ-ի Բազմակի Չափանիշերը

Reyhanli3Քաղաքական բանականութեան ճշդած օրինաչափութիւններուն հաղորդ մարդոց համար տարօրինակ չի հնչեր ի հարկէ ՄԱԿ-ի դատապարտումն ու արծարծած պահանջները Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական վերջին գործողութիւններուն առումով: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պահանջած է պատասխանատուութեան ենթարկել Թուրքիոյ Ռէյհանլը քաղաքին մէջ իրականացուած ահաբեկչութեան կազմակերպողներն ու կատարողները: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ անհրաժեշտ է պատասխանատուութեան ենթարկել այն անձերը, որոնք նախապատրաստած, կազմակերպած եւ ֆինանսաւորած ու հովանաւորած են ամէն տիպի դատապարտման արժանի ահաբեկչական այդ արարքները: Այնտեղ կ՛ըսուի, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ամենալուրջ ձեւով կը դատապարտէ այդ սարսափելի գործողութիւնները: Փաստաթուղթը բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ հետ համագործակցելու ահաբեկչութիւններու հետաքննութեան հարցով:

Պաքուն այստեղ ցուցադրած է փութկոտութիւն հրապարակում կատարելով այն մասին, որ ինքն է նախաձեռնողը նման փաստաթուղթի ձեւակերպման եւ որդեգրման` յենելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի իր ժամանակաւոր անդամի հանգամանքին վրայ:

Պաքուի նախաձեռնութիւնը կրնար փոշիանալ, եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնացեալ անդամները չհամաձայնէին նման դատապարտագրի վաւերացման: Կամ ալ անոնցմէ ոեւէ մնայուն անդամ օգտագործէր իր վեթոյի իրաւունքը եւ տապալէր այս փաստաթուղթի որդեգրումը: Ասիկա պարզապէս այն բանի համար, որ Պաքուի ծառայութիւնը զուտ ինքնագնահատանքի սահմաններէն դուրս գալու որեւէ հիմնաւորում չունի:

Թէ բոլոր ուժերը պիտի դատապարտէին մարդոց կեանքերը խլած ահաբեկչական արարքը, այս մէկը եւս նոյնքան ակնկալելի էր: Երկու դիտարկում, գուցէ օգտակար կ՛ըլլայ այստեղ նշելը: Առաջինը այն է, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ նման ահաբեկչական գործողութիւնները չեն արժանանար նման արագ եւ խիստ դատապարտումներու, այն ալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մակարդակով: Անոր համար ալ քաղաքական բանականութեան հետեւողի ըմբռնողութեան սահմաններուն մէջ դիւրին կը տեղաւորուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի առած այս քայլը:

Երկրորդ կէտը գուցէ աւելի դիտարժան է: Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի, որ բոլոր երկիրներուն կը յանձնարարուի Թուրքիոյ հետ համագործակցիլ ահաբեկչութիւններու հետաքննութեան հարցին մէջ:

Պետութիւններու հակաահաբեկչական բաժանմունքներու միջեւ համագործակցութեան մեքենականութիւնը նոր ճշդուած չէ: ՕԹԱՆ-ը ունի համանուն բաժանմունք` իր ստորաբաժանումներով: Այս բաժանմունքը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու նորացուած ցուցակ հրապարակած էր, ուր ջնջած էր քրտական կազմակերպութեան անունը:

Ե՛ւ նորացուած ցուցակը, ե՛ւ ահաբեկչական գործողութիւններու վայրը կը խօսին քրտական ուղղուածութեան առումով վտանգազերծուածութեան մասին:

Յստակ է ամբաստանութեան ուղղութիւնը Անգարայի կողմէ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը պահանջէր միջազգային ընտանիքին միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ: Միջամտութեան ակնկալուած բնոյթը պարզ է այս պարագային: Աւելի՛ն. Տաւութօղլուն կ՛ակնկալէ, որ միջազգային ընտանիքը անյապաղ միացեալ կեցուածք որդեգրէ Սուրիոյ վարչակարգին դէմ:

Ի դէպ Անգարան խնամքով անուշադրութեան կը մատնէ իր ռազմական օդանաւի ջախջախումը Սուրիոյ սահմանին մօտակայքը:

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան այն պահուն, երբ Ուաշինկթընն ու Մոսկուան կը փորձեն համադրել ժամացոյցի սլաքները Սուրիոյ հարցին լուծման համար միջազգային ժողովի թուականի ճշդման համար:

Հաւանաբար կանխահաս է նկատելը, որ Սուրիոյ հարցին ուղղութեամբ համաձայնութեան միտող ժողովներու կազմակերպման գործընթացին զուգահեռ ահաբեկչական գործողութիւններ կը ծաւալին Թուրքիոյ մէջ:

Ա.
aztagdaily.com

Տպել Տպել