Ծառայող Գործիչներ

Apo-PhotօՀայ Դատի երիտասարդ գործիչներէն Արմէն Կարապետեանը հասարակական յանձնառու գործունէութեան (իր բառը, որ նաեւ Հայաստանի մէջ հայրենացած է՝ ակտիվիզմ) կարեւորութեան մասին ակնարկ մը գրած էր՝ քաղաքական յարաբերութիւններու դաշտ հրաւիրելով մեր հայրենակիցները, անմիջական իբրեւ աշխատանք ներկայացնելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ ծրագիրներ:

«Ակտիվիստ»ը հասարակական գործիչն է, հասարակութիւնը յուզող հարցերու համար պայքարողը, հասարակութեան՝ ժողովուրդին շահերուն համար վազվզողը, աշխատողը:

Սփիւռքեան իրականութեան մէջ հասարակական գործիչները միութենականներն են, որոնք աւելի յստակ աշխատանքի դաշտ ունին, ինչպէս՝ մշակութային, կրթական, մարզական, բարեսիրական: Միւս կողմէ, կուսակցութիւններու անդամները, աւելի լայն, ընդգրկուն հետաքրքրութիւն ու աշխատանքի դաշտ ունին: Իւրաքանչիւր միութենական, այս ձեւով, հասարակական գործիչ մըն է՝ «ակտիվիստ» մը՝ իր ոլորտին մէջ, իսկ քաղաքական կուսակցութեան անդամը հասարակական գործիչ է՝ ամէնէն լայն առումով… մէկը, որ պատրաստ պէտք է ըլլայ հասնելու հոն, ուր կը զգացուի իր կարիքը, իր ծառայութիւնը, իր կազմակերպական փորձառութիւնը, իր քաղաքական ձեռնհասութիւնը:

Մէկ խօսքով՝ իւրաքանչիւր միութենական, մանաւանդ իւրաքանչիւր կուսակցական, հետեւաբար նաեւ իւրաքանչիւր դաշնակցական շարքային, «ակտիվիստ» է՝ հասարակական գործիչ. նեղ միութենական կամ կուսակցական հարցերով կլանուած անդամ չէ, այլ՝ իր շրջապատի խնդիրներուն հանդէպ զգայուն, անոնց լուծումներ փնտռելու նախանձախնդիր, գործունեայ, նախաձեռնող: Ժողովական կեանքէն դուրս կայ ամբողջ աշխարհ մը՝ հայկական համայնքի առօրեան, ուր բազում խնդիրներ կը տագնապեցնեն մեր հայրենակիցները, եւ եթէ մենք՝ կուսակցականներս, յաւակնութիւնն ունինք դաշնակցական կոչուելու, ապա պարտաւոր ենք ծառայելու այդ խնդիրները լուծելու դատերուն՝ անհատապէս եւ հաւաքաբար:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

asbarez.com
14/05/2013

Տպել Տպել