Քեռի (Արշակ Գաւաֆեան – 1858-1916). Հայ ազգային-ազատագրական շարժման հայդուկապետ քեռին

qeri_31916 թուականի ա՛յս օրը՝ Մայիս 15ը, կը խորհրդանշէ հայոց Ազատամարտի դիւցազներգական անմոռանալի էջերէն մէկը։

Կը խորհրդանշէ յաղթական վերջին գրողը հայ ազգային-ազատագրական շարժման անզուգական Քեռիին, որ Առաջին Աշխարհամարտին, Ռըւանտուզի (այժմու Իրաքի մէջ) ճակատին վրայ, թրքական զօրքերու կողմէ օրհասական պաշարման մատնուած հայ եւ ռուս զինուորները ազատելու յաղթական պահուն, ճակտէն զարնուած ինկաւ ռազմի դաշտին վրայ։

Օրին հայ ժողովուրդը քաջարի իր հերոսին նուիրեց ազգային-յեղափոխական մեր երգերու ամէնէն սրտաբուխն ու յուզիչը, որ մինչեւ մեր օրերը ներշնչման վարար աղբիւր կը նմայ մարտունակ հայորդիներուն համար.-

Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռի,
Ինքդ արի եւ գործերդ միշտ բարի,
Սրտաճմլիկ լուրդ առինք ցաւալի,
Քաջաց քաջն հերոս Քեռի պանծալի։

Անգութ մահը քեզ մեզանից բաժանեց,
Մեր սրտերում անբուժելի վէրք բացեց,
Մի՞թէ չար գնդակը քեզի որոնեց,
Գաղափարդ եւ յոյսերդ խորտակեց։

Թող լռեն սոխակներ է՛լ չo ճլուըլան,
Սլացէ՛ք կռունկներ դէպի Հայաստան,
Լուր տարածեցէք դուք համայն հայութեան,
Հայոց պաշտպան Քեռին մտաւ գերեզման։

Դու ամէն տեղ վազում էիր օգնութեան,
Քեզ ազդում չէր ո՛չ սուր, ո՛չ թուր, ո՛չ գնդակ,
Ամէնքին անխտիր էիր դու պաշտպան,
Կոչմանդ արժանի հերոս Քեռի խան։

Մահդ Դաշնակցութեան մեծ ցաւ պատճառեց,
Եւ ընտանիքիդ ալ սիրտը խռովեց,
Համարեա՛ թէ ամբողջ Կովկասը ցնցուեց,
Քեզ համար շատ մայրեր լացին ողբացին։

Ռըւանդուզի կռիւն էր շատ ահաւոր,
Թշնամու զօրքերն էին բիւրաւոր,
Տասնըինը տասնըվեց Մայիս տասնըհինգին,
Հայոց առիւծն ինկաւ վրէժը կրծքին։

Մայիս 1916ի 12էն 18 երկարող օրերը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցան հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական ապագային համար։

Առաջին Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ, թուրք-ռուսական պատերազմի երկար ճակատի հարաւային՝ Պարսկաստանի հատուածին վրայ, թրքական բանակը յաջողած էր պաշարման վտանգաւոր օղակի մէջ առնել ռուսական զօրքն ու հայ կամաւորականները. ջախջախիչ պարտութիւնն ու ստոյգ կործանումը կը սպառնային ռուսեւհայկական կողմին։

Մայիս 12ին, թրքական 12 հազարանոց բանակը ուժեղ յարձակում մը գործեց պարսկական Ռեւանտուզ քաղաքին վրայ, ուր դիրքաւորուած էին ռուսեւհայկական ուժերը։ Թշնամին գրաւեց Ռեւանտուզը եզերող լեռնային բարձր դիրքերը եւ աստիճանաբար սկսաւ սեղմել պաշարման օղակը։

Ահա՛ այդ օրհասական պահուն, Մայիս 15ին, քաջարի հերոս մը շրջեց ճակատագրի անիւին կործանարար թաւալումը։

Հայ Կամաւորական 4րդ Գունդի հրամանատար քաջ Քեռին ձեռնարկեց թրքական պաշարման շղթան ճեղքելու յանդուգն գրոհի մը։ Մայիս 15ին, իր վաշտերէն մէկուն եւ 40-50 ձիաւորներու գլուխն անցած՝ Քեռի անակնկալօրէն յարձակում գործեց թրքական դիրքերուն վրայ եւ ահեղի մարտով կրցաւ դէպի ձորը հրել թշնամի զօրքը։ Քեռի յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ. թրքական պաշարումը ճեղքուեցաւ եւ Ռեւանտուզի մէջ դիրքաւորուած ռուս-հայկական ուժերը ընդհանուր յարձակողականի անցան. բայց Ռեւանտուզի յաղթական գրոհի հերոսին համար ճակատագիրը վերապահած էր դառնագոյն իր խաղերէն մէկը. յաղթական իր թռիչքի աւարտին, մահառիթ փափուշտը յանկարծ ճակտէն հարուածեց առիւծակերպ հերոսին։ Քեռի հազիւ կրցաւ «Վա՜յ, բալանե՜րս, ես խփուեցայ»… ճիչը արձակել ու վերջին շունչը աւանդեց։

Ծանր էր կորուստը. մեծ էր կսկիծը. բայց Ռեւանտուզի կռիւը շարունակուեցաւ մինչեւ Մայիս 18, երբ ռուս-հայկական ուժերը վերջնական ու ջախջախիչ պարտութեան մատնեցին թրքական բանակը, որ աւելի քան հինգ հազար զոհ տալով՝ խուճապահար փախուստի դիմեց։

Քեռի իր արեամբ՝ իր կեանքի նուիրաբերումով նուաճեց յաղթանակը։

Քեռիի անկենդան մարմինը փոխադրուեցաւ Թեհրան, ուր մեծ շուքով՝ ժողովրդային սիրուած հերոսի փառքով, Դաշնակից Ուժերու դեսպանական եւ հրամանատարական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, արժանացաւ պետական եւ ազգային յուղարկաւորութեան։ Ապա՝ մարտիրոս հերոսին անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Թիֆլիս, որպէսզի հայոց Խոջեվանքի գերեզմանատան մէջ գտնէ իր յաւիտենական հանգիստը։

Քեռի հերոսի մահով պսակեց աննկուն յեղափոխականի եւ քաջարի ֆետայիի իր երկար ու փշոտ, այլեւ փառահեղ ուղին։

Աւազանի անունով Արշակ Գալֆայեան (Հ.Յ.Դ. Հարիւրամեակի «Ալբոմ-Ատլաս»ի համաձայն՝ Գաւաֆեան)՝ Քեռի ծնած էր Կարին, որ հայ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծման կարեւորագոյն օրրաներէն մէկը հանդիսացաւ։ Դժբախտաբար միայն կցկտուր տեղեկութիւններ պահուած են Էրզրումցի Քաւթար Արշակ անունով հայ յեղափոխական շարժման երիտասարդ տարիքէն զինուորագրուած քաջ ֆետայիին կեանքի մանրամասներուն՝ ընտանեկան պարագաներուն, մանկութեան եւ պատանեկութեան վերաբերեալ։ Մինչեւ անգամ ծննդեան թուականը ստուգելու դժուարութիւն ունինք. կենսագիրները կը տարուբերին 1858ի եւ 1863ի միջեւ։

Քեռի շատ կանուխէն մասնակից դարձաւ հայ յեղափոխական խմորումներուն։ 1880ի Կարնոյ մեծ ցոյցին կազմակերպիչներէն եղաւ. Արամ Արամեանի սերտ գործակիցը հանդիսացաւ. մասնակցեցաւ Սարգիս Կուկանեանի հռչակաւոր արշաւախումբին, որուն դէմ ցարական իշխանութեանց ձեռնարկած հալածանքի ժամանակ յաջողեցաւ ձերբակալութենէ փախուստ տալ.

1894-95ի Համիտեան կոտորածներու շրջանին, մասնակցեցաւ Կարնոյ ինքնապաշտպանական կռիւներուն. այնուհետեւ անցաւ Կովկաս եւ ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ Դաշնակցութեան ծաւալած ֆետայական գործունէութեան։

1898ին մասնակցեցաւ Խանասորի Արշաւանքին, ապա անցաւ Սասուն, ուր 1903-1904ին սերտ գործակիցը դարձաւ Անդրանիկի՝ Սասնոյ ապստամբութեան շրջանին։ 1905ին քաջ հայդուկը Սիսիանի ճակատի ղեկավարն էր հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ։

1908ին, Ռոստոմի կարգադրութեամբ, Քեռի անցաւ Պարսկաստան՝ Սահմանադրական շարժման կռիւներուն Եփրեմի աջ բազուկը դառնալու եւ, վերջինիս նահատակութենէն ետք, ստանձնելու համար գլխաւոր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Իր քաջագործութիւններուն համար պարսկական իշխանութեանց կողմէ արժանացաւ Խան տիտղոսին եւ կենսաթոշակի։

Անուանի հայդուկապետ եւ ժողովրդական սիրուած հերոս էր Քեռի, երբ 1912ին իր մասնակցութիւնը բերաւ Պալքանեան պատերազմին, որու ընթացքին իր ցուցաբերած քաջագործութեանց համար արժանացաւ ռուսական բանակի Ս. Գէորգ պատուանշանին։

Իսկ երբ բռնկեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը, Հայ Կամաւորական Գունդերէն մէկուն՝ Չորրորդ Գունդին հրամանատարութիւնը արդարօրէն յանձնուեցաւ հայդուկապետ Քեռիի։ Մինչեւ Ռեւանտուզի օրհասական կռիւը, Քեռի իր ղեկավարած Կամաւորական Չորրորդ Գունդով հերոսական նոր քաջագործութիւններ կապեց իր անունին՝ յատկապէս Սարըղամիշի կռիւներու ընթացքին։

Թէեւ կենսագիրները շատ ժլատ գտնուած են Քեռիի անձն ու գործը ըստ արժանւոյն սպառիչ կերպով ներկայացնելու իմաստով՝ այսուհանդերձ, բոլորն ալ համակարծիք են, որ «պարզ, համեստ, բայց խիստ, Քեռին պաշտուած էր ամէնուրեք՝ իր ֆետայիներուն եւ կամաւորներուն կողմէ, ու շա՜տ սիրուած՝ զինուորական թէ յեղափոխական իր բոլոր ընկերներուն կողմէ»։

Նոյնինքն Միքայէլ Վարանդեան՝ Հայկական Յեղափոխութեան անկրկնելի տեսաբանն ու կենսագիրը, տակաւին 1915ի Դեկտեմբեր 28ին, Թիֆլիսի «Հորիզոն»ին մէջ ներկայացնելով Քեռիի հայդուկապետի վաստակը, հայոց «քաջաց քաջ»ին մասին կը վկայէր.-

«Ոչինչ այնքան չէր յուզում ինձ Երեւանեան մեր ընկերական հաւաքոյթների ժամանակ, ինչպէս այն վայրկեանը, երբ Անդրանիկ ու Քեռի նստում էին քովէ քով եւ ձիերը իրարու վզով փաթաթում։ Հայ ժողովրդի երկու մեծ ռազմիկները՝ իրարու փարուած – կոշտ ու կոպիտ, ինչպէս ինքը՝ այդ ժողովուրդը, անսահմանօրէն խիզախ ու անձնուրաց… մի մի ժայռեր՝ բռնակալութեան հողմերի հանդէպ»։

Այո՛, թրքական բռնակալութեան դէմ ծառացած հայկական անառիկ ժայռ մը եղաւ Քեռին, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր իր կտրած մարտի ճանապարհը պսակեց յաղթանակով՝ վահանի վրայ վերադառնալով ռազմի դաշտէն

Իբրեւ այդպիսին՝ «Չորրորդ Գնդի հրամանատար քաջ Քեռին» յաւէտ պիտի ապրի հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ։

Ինչպէս որ Քեռիի մարտիրոսացման առիթով Գահիրէի Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր» պիտի հաստատէր 11 Յուլիս 1916ի իր խմբագրականով՝

«Ամբողջ երեսուն տարի, անիկա իր լայն հոգիին մէջ ապրած էր բովանդակ զուլումն ու տարտը իր դժբախտ ու սիրելի ժողովուրդին, միացած էր անոր հնհնուքներով, արտասուած էր անոր արցունքներով, փոթորկուած էր անոր խռովքներով։

«Պարզ ու անպաճոյճ, ինչպէս վայել է գաղափարի զինուորին, լուռ ու մռայլ՝ ինչպէս մռայլ էր հայկական ցաւոտ իրականութիւնը՝ Քեռին միակ սէր մը ճանչցած էր՝ հայրենիքի սէ՛րը. միակ կիրք մը՝ պայքարին տարփա՛նքը. միակ իտէալ մը՝ ազատութեա՛ն իտէալը»։

Ն.

Տպել Տպել