«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցին Ընթացքին. «Սուրիոյ Դէմ Պատերազմը Բոլորին Պատերազմն Է Բոլորին Դէմ» Շեշտեց Ա. Զասպիքին

zasbikin_Shaghzoyan-Երեսփոխան Բագրատունի, դեսպան Զասպիքին եւ Աւետիս Կիտանեան
Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին այցելեց «Վանայ ձայն», ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի հետ:

Ապա Ա. Զասպիքին հարցազրոյց մը կատարեց «Վանայ ձայն»-ի արաբերէն բաժինով սփռուող յայտագիրէն:

Ան շեշտեց, որ Ռուսիա կ՛ընդունի որեւէ կառավարական կազմ եւ միջամուխ չ՛ըլլար Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման` ռուս դեսպանը շեշտեց, որ Մոսկուա կը փափաքի, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին: Ան աւելցուց, որ խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը երկարաձգելու պարագան զուտ լիբանանեան հարց է եւ օգտակար չէ, որ արտաքին ուժեր միջամտեն այդ որոշումին:

«Ռուսիոյ համար ընտրական օրէնքի մը մասին կարծիք յայտնելը կամ օրինագիծ մը նախընտրութեան առարկայի վերածելը Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամտել է, եւ մենք կը զօրակցինք այս իմաստով Լիբանանի կեցուածքին, որ կը մերժէ իր ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնները», ըսաւ ան:

Ա. Զասպիքին հաստատեց, որ վերջին հանգրուանին Լիբանանի մէջ կառավարութիւնը փոխելու կարիքը զգացուած է` աւելցնելով, որ լիբանանեան ներքին կացութիւնը բաւական զգայուն փուլ մը կ՛ապրի:

«Ռուսիա լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն հաւասար հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, իսկ Լիբանանի համար իտէալականը կը նկատէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ ազգային երկխօսութեան շարունակութիւնը», յայտնեց ան:

Պատասխանելով Սուրիոյ տագնապին մասին հարցումի մը` Զասպիքին շեշտեց, որ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական գործակցութիւնը տարիներ շարունակ առկայ եղած է` աւելցնելով, որ այդ գործակցութիւնը պէտք չէ ուղղակի առնչել Սուրիոյ տագնապին:

Այս շրջագիծին մէջ, Զասպիքին հաստատեց, որ իրենց համար անհրաժեշտ է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնել եւ Սուրիոյ տագնապին հակառակորդ կողմերը առաջնորդել երկխօսութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ համաձայնութեան մը յանգիլ եւ խաղաղութիւն հաստատել:

«Մոսկուայի կողմէ Սուրիոյ տագնապին միջամտութեան նպատակն է ծառայել սուրիացի ժողովուրդին եւ ոչ թէ ռուսական անձնական շահեր իրականացնել», ըսաւ ան:

Զասպիքին աւելցուց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն յաջողցնելու համար «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովը` նկատել տալով միաժամանակ, որ իրենք սուրիական վարչակարգէն եւ ընդդիմութենէն կը պահանջեն Ժընեւի հաղորդագրութիւնը առանց նախապայմանի կարդալ: Ան աւելցուց, որ այս իմաստով իրենք Միացեալ Նահանգներէն ալ կը պահանջեն այս նպատակով կապուիլ սուրիական ընդդիմութեան:

Սուրիոյ տագնապին մէջ Արաբական լիկայի դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Զասպիքին ընդգծեց, որ Մոսկուայի կարծիքով, Արաբական լիկան կանխամտածուած կերպով արգելակած է Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման յանգելու կարելիութիւնը:

Ան շեշտեց Սուրիոյ տագնապին լուծման կարեւորութիւնը` նկատել տալով միաժամանակ, որ Սուրիոյ մէջ պատահածը բոլորին պատերազմն է բոլորին դէմ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել