Քոնկրեսի Բանաձեւը Ոչ Թէ Ցեղասպանութեան Ճանաչում, Այլ Ճշմարտութիւն Եւ Արդարութիւն Կը Հետապնդէ

հԱՐՈՒԹՈղջունելի է, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան չորս անդամներ ներկայացուցած են բանաձեւ մը, որ կը պաշտպանէ Քոնկրեսին մէջ հայոց իրաւունքներու հետապնդման նոր մօտեցում մը՝ դուրս ելլելով Ցեղասպանութեան ճանաչման շրջանակներէն:

Քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաոյի (հանրապետական, Քալիֆորնիա), Էտըմ Շիֆի (ժողովրդավարական, Քալիֆորնիա), Մայքըլ Կրիմի (հանրապետական, Նիւ Եորք) եւ Ֆրենք Փալոնի (ժողովրդավարական, Նիւ Ճըրզի) ներկայացուցած երկկուսակցական այս նոր նախաձեռնութիւնը պատշաճօրէն կը կոչուի «Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան բանաձեւ»:

Ծանօթ է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը քանի մը անգամ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սկսեալ 1951 թուականէն՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարան պաշտօնական փաստաթուղթ ներկայացնելով, այնուհետեւ նախագահ Ռոնալտ Ռիկընի՝ 1981 թուականի Ապրիլ 22ի նախագահական հռչակագիրով եւ Ներկայացուցիչներու տան 1975 եւ 1984 թուականներու երկու բանաձեւերու միջոցով:

Առաջարկուող բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ նախագահ Օպամային՝ «աշխատելու հայ-թրքական արդար, շինիչ եւ մնայուն յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ՝ հիմք ունենալով Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի եւ անոր ընթացիկ հետեւանքներու լիարժէք ճանաչման, ինչպէս նաեւ՝ մարդկութեան դէմ գործուած այս յանցագործութեան միջազգային մակարդակով իրաւացի, արդար եւ համապարփակ լուծման հարցերը», կը տեղեկացնէ Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբը:

Ժամանակն է, որ ամերիկահայերը աջակցին Քոնկրեսին ցուցաբերած այն ջանքերուն, որոնք դուրս կու գան Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերու կրկնակի ճանաչումներէն եւ հետամուտ կ՛ըլլան արդարութեան հաստատման աւելի իմաստալից նպատակի, որ կը յանգեցնէ Ցեղասպանութեան պատճառով կրած վնասներու հատուցման եւ վերականգնման, ներառեալ՝ անհատական եւ համայնքային սեփականութիւնը եւ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքները:

Դժուար է պատկերացնել, որ ոեւէ մէկը կը համարձակի առարկել արդարութեան համընդհանուր ընդունուած գաղափարին, նոյնիսկ՝ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ կը գլխաւորէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում անունը կրող կուսակցութիւնը:

Հասկնալի է, որ երկար տարիներ շարունակ անհրաժեշտ էր հետամուտ ըլլալ Ցեղասպանութեան ճանաչման, քանի որ աշխարհը անտեղեակ էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Սակայն այլեւս կարիք չկայ շարունակելու Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումը, քանի որ հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գործադրած յարատեւ ջանքերուն շնորհիւ տապալած է թրքական հետեւողական ժխտողական քաղաքականութիւնը: Յաղթանակ յայտարարելով եւ առաջ շարժելով իրենց արդար պահանջներու հետապնդման ուղղութեամբ, հայերը պէտք է խուսափին իյնալէ թրքական թակարդը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը անվերջանալի կերպով հաստատելու փորձերու: Մինչ այդ թրքական կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր ամօթալի ժխտողականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ կամ ալ պիտի զբաղի մասնակի եւ անիմաստ ներողութիւն խնդրելու խաբուսիկ խաղերով՝ մոլորութեան մէջ ձգելով միջազգային հանրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախաշեմին:

Ներկայացուցիչներու տան նոր բանաձեւը նաեւ կը փորձէ Միացեալ Նահանգներու ջանքերը շեղել չարաբաստիկ Հայ-թրքական արձանագրութիւններէն եւ Օպամայի վարչակազմին ուշադրութիւնը սեւեռել Թուրքիայէն հայութեան արդարացի պահանջներուն վրայ: Քոնկրեսին բանաձեւը նախագահ Օպամային կը յիշեցնէ 2012ի Ապրիլ 24ի անոր ուղերձի մասին, ուր ան կողմնակից էր, որ՝ «փաստերու ամբողջական, անկեղծ եւ արդար ճանաչումը կը բխի բոլորին շահերէն: Անհնար է ապագայ կերտել՝ առանց հաշուի նստելու անցեալին հետ»:

Բանաձեւը կ՛ընդգծէ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, փոխանակ «հաշուի նստելու իր անցեալի փաստերուն հետ», ա՛լ աւելի «կը լարէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման իր միջազգային արշաւը՝ շարունակելով Հայաստանի շրջափակումը եւ ուժեղացնելով իր ճնշումը թրքական քաղաքացիական, թէեւ փոքր, սակայն ընդլայնուող շարժման վրայ, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ արդարութիւն հետապնդելով համակարգուած արշաւներէն իրենց աստուածաշնչեան հայրենի երկիրներու մէջ բնաջնջուած միլիոնաւոր հայերու, յոյներու, ասորիներու, Պոնտոսի յոյներու, սուրիացիներու եւ այլ քրիստոնեաներու համար»:

Քոնկրեսի բանաձեւին մէջ նաեւ կը յայտարարուի, որ Միացեալ Նահանգներու «ազգային շահերը՝ հայերու եւ թուրքերու միջեւ արդար, կառուցողական, կայուն եւ մնայուն յարաբերութիւններու հաստատման մէջ, չեն կրնար նշանակալից յաջողութիւններու հասնիլ շրջանցելով կամ այլ կերպ փորձելով խուսափիլ լուծումներ առաջարկելէ այս երկու երկիրներուն միջեւ առկայ պետական քաղաքական, իրաւական, անվտանգութեան եւ բարոյական խնդիրներուն՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան ժխտման»:
Վերջերս ներկայացուած բանաձեւը կը յստակեցնէ, որ հայերը Ցեղասպանութեան յայտնի փաստերը անընդհատ կրկնելով բաւարարուելու փոխարէն՝ կը պահանջեն արդար լուծում՝ լիարժէք եւ համապարփակ հատուցման միջոցով:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքը

23/05/2013
asbarez.com

Տպել Տպել