Եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ Հոկտեմբեր 14 – 15, 2013-ին

eafjd-logo
ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Հոկտեմբեր 14 – 15, 2013-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի կազմակերպութեամբ, պիտի գումարուի եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը։ Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին, Հայաստանէն, Եւրոպայէն, Միացեալ նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւ քաղաքագէտներ պիտի համատեղէ Պրիւքսելի մէջ։

Առաջին նիստը, երկուշաբթի հոկտեմբեր 14-ին, պիտի գումարուի Պրիւքսելի Հայ տան սրահէն ներս, ու պիտի կեդրոնանայ Եւրոպայի տարածքին բնակող հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք պիտի արծարծուին եւրոպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Ինքնութեան, մշակոյթի եւ լեզուի հարցերու կողքին, պիտի քննարկուին նաեւ քաղաքական հարցեր, ինչպիսին են՝ դէմ դնել Եւրոպայի մէջ թուրքեւազերի միացեալ ճակատին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած քաղաքական միջոցառումներ, Ցեղասպանութիւններու ժխտման եւ ուրացման քրէականացում, միջազգային ճանաչում Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան։ Այս առաջին մասի պատգամաբերները պիտի ըլլան զանազան ներկայացուցիչներ արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն։

Յաջորդ օրուան, հոկտեմբեր 15-ի նիստը Եւրոխորհրդարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ, եւ կը կրէ խորհրդարանի մեծագոյն քաղաքական խումբի – Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (European Peoples’ Party, EPP) – հովանաւորութիւնը։ Առաջին օրակարագին նիւթը պիտի ըլլայ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Միջազգային Օրէնքը», որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Եւրոպական միութեան կողմէ ցեղասպանութեանց ուրացման եւ կանխարգիլման հարցերը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պատասխանատուութեան եւ անոր հետեւանքներուն հարցերը։ Երկրորդ օրակարգին ընթացքին պիտի քննարկուին եւ որոնուին «հարաւային Կովկասի համար նոր հեռանկարներ», որուն ընթացքին պիտի քննարկուին տարածաշրջանի զարգացման, եւ Եւրոմիութիւն – Հայաստան մերձեցման եւ Արցախի հիմանահարցի կարգաւորման նիւթերը։ Համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոմիութեան բարձր մակարդակի աշխատակիցներ, Եւրոխորհրդարանի քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ, Եւրոխորհրդարանի անդամներ, խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամներ, ղեկավարներ՝ քաղաքական ոլորտի բոլոր խաւերէն, թէ՛ Եւրոմիութենէն, եւ թէ՛ Հայաստանէն։

Այս օրերուն, երբ Եւրոպական միութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւնները աւելի քան երբեք ջերմ են, ինչպէս նաեւ երկուստեք բարձրագոյն մակարդակի այցելութիւններ տեղի կ’ունենան, եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը իր ներդրումը պիտի ունենայ այս յարաբերութեանց ա՛լ աւելի ամրապնդման, ցոյց տալով, թէ մեր ազգային հիմնախնդիրներուն կողքին, Եւրոպայի ծագումով հայ քաղաքացին, անմասն չի մնար Եւրոմիութեան քաղաքական գործընթացէն եւ Հայաստանի Եւրոպական միութեան չափանիշներուն համարկումէն։

Մինչեւ յունիս ամսու վերջ՝ մեր համապատասխան մամլոյ հաղորդագրութեամբ պիտի փոխանցենք հարկ եղած բոլոր մանրամասնութիւնները։

Տպել Տպել