Ակնարկ. Ներթրքական Ալիքը Եւ Հայկական Հայեցակէտեր Ճշդելու Պահը

Turkey4-Ներթրքական նորագոյն իրադարձութիւնները յանկարծակիութեան գործօնով մեկնաբանելը որոշ տեղ մը միայն իր բացատրութիւնը ունի: Բնապահպանական հարցերու յառաջացուցած այս տարողութիւնը ճիշդ է կտրուկ մագլցողականութեան եւ յանկարծակիութեան բնութագիրը կը կրէ, այսուհանդերձ պարարտ ենթահողի մը գոյութեան մասին կը խօսի անպայման:

Դժգոհ հասարակութեան խճանկարը տարբաղադրելը եւ համապատկերի բաղադրամասերուն ճիշդ սահմանումներ տալը կը թուի, որ դժուար աշխատանք է: Բնապահպաններ, քաղաքացիական շարժումի աշխուժ մասնակիցներ, երիտասարդական խմբաւորումներ, ուսանողական յառաջապահներ, բայց նաեւ ձախակողմեան գաղափարաբանութեան յաւակնորդներ, ազգայնականներ, ժողովրդավարացման համար պայքարողներ, աշխարհիկ կարգերու հետամուտներ, քեմալական ակունքներուն վերադարձի պահանջ արծարծողներ եւ այդ բոլորին ետին խորքային պետութեան ուրուականին գոյութիւնը մատնացոյց ընողներ:

Երեւութապէս այս բոլորին շարժիչ գործօնները կարելի է համարել լաչակը, ալքոլը, ծառերը, հայկական նախկին գերեզմանատունը փոխարինած պարտէզին վրայ զօրանոց կառուցելու ծրագիրը, օդանաւի մէջ սպասարկող կիներուն վերաբերեալ սահմանափակումները, մզկիթներու կառուցման նոր նախաձեռնութիւնները եւ կրօնական հիմունքի վրայ առնուած որոշումները: Անկասկած այս բոլորը հասարակական դժգոհութեան կարեւոր պատճառներ են եւ ամենայն հաւանականութեամբ ընդվզումի ալիքի կտրուկ բարձրացման համար անոնցմէ հիմնականը:

Սակայն, շարժումներուն նման տարողութիւն նուաճելը ինքնին արդէն բնոյթի եւ ուղղութիւններու անցումներու եւ տարբերութիւններու տեղի կու տայ: Այսպէս, բնապահպանման խնդիրներէն արագ անցումը դէպի ընկերային պահանջներ` ընկերայինէն դէպի տնտեսական եւ նոյնքան սուր կերպով ժողովրդավարացման պահանջները` հասնելու համար ցուցարարներու կողմէ թրքական դրօշի հրկիզում, կը նախանշեն, որ պահանջներու, ուղղութիւններու արագ անցումներ տեղի կ՛ունենան եւ շարժումին կարմիր թելին տեսանելիութիւնը կը մշուշապատեն:

Այս բոլորին մէջ ինքնութեան խնդիրները կամ աւելի մասնակի` ազգային փոքրամասնութեան իրաւունքներու առաջադրանքներու հարցերը չեն երեւիր: Լուռ է նաեւ խորքային պետութեան հիմնական գրաւականը` բանակը, որ մինչեւ որոշ տեղ մը կրնայ հանգիստ հետեւիլ իսլամականներու իշխանութեան դէմ ծաւալող շարժումին դրսեւորումներուն:

Ճիշդ այստեղ է, որ հայկական հայեցակէտերը ճշդելու համար, հայկական դաշտի քաղաքական մեկնաբանները ազգայնականութեան եւ զինուորականութեան գերակայութեան վտանգին կանխատեսումը կրնան նկատել: Առանց մոռնալու, որ Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայ փոքրամասնութեան եւ յատկապէս պոլսահայութեան քուէները առանց անշուշտ կազմակերպուելու, ընդհանրապէս բնազդային մղումներով կ՛ուղղորդուին դէպի գործող իշխանութիւնները:

Ներիշխանական տարբերութիւններ, չըսելու համար հակասութիւններ եւս կ՛երեւին այս բոլորին մէջ, յատկապէս նախագահին եւ վարչապետին ցուցաբերած դրսեւորումները նկատի ունենալով. այդ տարբերութիւնները նաեւ զգալի կը դառնան երկու բեւեռներուն հանդէպ դժգոհ հասարակութեան մօտ ընկալելիութեան առումով: Յայտնապէս առաջին թիրախը վարչապետն է այս պարագային:

Հայկական վերլուծական հայեցակէտերը անպայման նկատի կ՛ունենան անշուշտ տեղւոյն հայ համայնքի պաշտօնական կառոյցներու, դասական մամուլի (որ այս պարագային կարեւոր է ոչ միայն իրադարձութիւնները լուսաբանելու, այլ նաեւ Թուրքիայէն դուրս հայկական շրջանակներուն ուղղակի-անուղղակի ուղերձներ փոխանցելու առումով) հրապարակումները: Ահա այստեղ գերխանդավառուելու, դիրքորոշուելու, շեփորելու կամ հսկայական արդիւնքներ միանգամայն ձեռք ձգելու համոզումներ գոյացնելու հարկադրանքներ չեն ստեղծուիր անշուշտ:

Բայց միաժամանակ պէտք է անպայման նկատել, որ մեծ յաւակնութիւններով տարածաշրջան մուտք գործած նոր օսմանականները, շրջանային ուժի վերածուելու, դրացիներուն հետ բոլոր հարցերը զերոյական մակարդակի իջեցնելու եւ շրջանային տարողութեամբ խաղի կանոններ թելադրելու արտաքին վարքագիծը կիրարկելու դժուարութիւններու պիտի հանդիպին` այս պարագային ներքին պատճառներով: Այս պարունակին մէջ ալ աւելորդ չէ նկատելը, որ ներթրքական ալեկոծումներուն զուգահեռ Սուրիոյ մէջ, միջազգային կեդրոններու իսկ վկայութեամբ, կ՛արձանագրուի կառավարական ուժերու յառաջխաղացքը:

Խնդիրը բոլորվին այլ հարթութիւն կը տեղափոխուի, եթէ ինքնութեան հողի վրայ ծաւալին ազգաբնակչային ըմբոստութիւնները: Երբ տարանջատումը խորանայ եւ ընդհարումի հասնի ազգութեամբ թուրք եւ քաղաքացիութեամբ թուրքերուն միջեւ:

Կանխահաս է խօսիլ թրքական գարունի կամ Թուրքիոյ սուրիականացման մասին: Կարեւորը այն է, որ նոր օսմանականութիւնը ներքին պայթունավտանգ իրավիճակ կը պարզէ, որ յառաջիկային կրնայ տեղի տալ անկանխատեսելի կացութիւններու յառաջացման: Գուցէ ոչ այնքան անկանխատեսելի, եթէ յիշենք վերջերս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան վերլուծական բաժանմունքի նախատեսութիւնը Թուրքիոյ հաւանական մասնատումին վերաբերեալ` յառաջիկայ քսան տարուան ընթացքին:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել