Ակնարկ. Ինքնութեան Խնդիրներ Գուցէ Այլ Հանգրուանի

turkey-protest-300x187Պոլսոյ եւ այլեւս նաեւ Անգարայի իրադրութիւններուն (եթէ տակաւին չենք ուզեր ընդհարումներ բառակապակցութիւնը օգտագործել` բնութագրելու համար ներթրքական իրավիճակը) հետեւելու ընթացքին կ՛աւելնան քանի մը դիտակէտեր:

Նախ անշուշտ ցոյցերուն, բողոքներուն տեւողութեան երեւոյթը: Եթէ ցոյցերուն մօտ տարողութեան նոր մագլցումներ չեն արձանագրուիր, այսուհանդերձ պէտք է նկատել անպայման, որ անոնք կը շարունակուին: Իսկ զանգուածային բողոքի գործողութիւններու աւելի քան տասը օր տեւելը կ՛ենթադրէ շարժումին հետեւանքայնութիւնը: Տարերայնութիւնը արագ մակընթացութիւններուն առընթեր արագ տեղատուութիւններ կ՛ունենայ: Այս պարագան կը յուշէ, որ իրադրութիւններու շարունակականութեան միտող նախադրեալներ իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն արդէն:

Ոճի փոփոխութիւնը եւս տեսանելի է շատ յստակ ձեւով: Երկուստեք բնականաբար: Եթէ մէկ կողմէ վարչապետ Էրտողան վճռակամութիւն ցուցադրելու, անզիջողականութեան կոչերով հանդէս գալու եւ պայմանաժամերով խօսելու վարքագիծի դրսեւորումներ կը կատարէ ամէն առիթի, միւս կողմէ ցուցարարներուն մօտ կը նկատուի բողոքի գործողութիւններու յարձակողապաշտութիւն մը, որ քաղաքական բառապաշարով կը բանաձեւուի իբրեւ քաղաքացիական անհնազանդութիւն: Բազմաթիւ են փաստերը զոհերու, վիրաւորներու, հրկիզումներու, քանդումներու, ջրցան մեքենաներու, արցունքաբեր ռումբերու եւ ուժի հետեւողական կիրարկման:

Երկկողմանի խստացման երեւոյթներուն դիմաց միջազգային արձագանգը նախ լրատուական առումով ի նպաստ ցուցարարներուն է: Իսկ տեղեկատուական քաղաքականութիւնը անշուշտ պետական ներշնչումներ ունի: Պարզ է. Միացեալ Նահանգներ արդէն կը հասցնէին երկու հիմնական յայտարարութիւն կատարել Պոլսոյ ալեկոծումներուն մասին: Ուղերձը ուղղուած էր իշխանութիւններուն, որոնց հանդուրժողութեան կոչ կ՛ուղղուէր: Այս բոլորը անշուշտ բանաձեւուած են դիւանագիտական ըսելաձեւով. այսուհանդերձ հասկնալի կը դառնայ հիմնական ուղերձը, երբ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերը տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ անհանգստութեամբ կը հետեւին տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ վերստին կ՛ընդգծէ, որ պէտք է յարգուի ժողովուրդի ազատ արտայայտուելու իրաւունքը:

Արտաքին այս ներշնչումը, իր յայտարարողականութեան սահմաններուն մէջ թէկուզ, որքա՞ն կրնայ ազդել բնապահպանական, ձախակողմեան եւ ժողովրդավարացման պահանջներով Պոլսոյ հրապարակները գրաւած, քաղաքակիրթ բողոքի գործողութիւններէն հետզհետէ քաղաքացիական անհնազանդութեան վերածուող ամբոխին վրայ, տակաւին յստակացումի կարիքը ունի: Առնուազն սակայն պէտք է մտածել շարժումին ունեցող տեւողութեան մասին` համեմատութիւններ կատարելով տարբեր շրջաններու, երկիրներու եւ Թուրքիոյ մէջ կիրարկուած-կիրարկուող գունաւոր յեղափոխութիւններուն համար օգտագործուած արհեստավարժական գործիքներուն միջեւ: Կը թուի երեւութապէս գէթ, որ իբրեւ որդեգրուած ոճ արաբական գարնանային հովերէն աւելի գունաւոր յեղափոխութեան նմուշներ կը ցուցադրուին:

Շրջանային մակարդակի վրայ անպայման պէտք է հայեացքները ուղղել դրացի Սուրիոյ վրայ` այնտեղ նկատելու հանգրուանի մը համար իրադարձութիւններու որոշ ուղղութիւն մը: «Ժընեւ 2»-ի նախօրեակին եւ ներթրքական ալեկոծումներուն զուգահեռ «Հիւսիսի փոթորիկ»-ը թափ կը ստանայ:

Հիմա հայկական առնչութիւններու մասին` իբրեւ անշրջանցելի դիտակէտ: Թրքական մամուլը կը խօսէր բողոքի հիմնական այլ շարժառիթի մը մասին, որ դարձեալ հայկական ակունքներ ունէր: Թրքական «Թէ. Ռէ. Թէ.» տեղեկատուական համակարգի ձայնասփիւռի շէնքը եւս կառուցուած է նախկին հայկական գերեզմանատան վրայ:

Հայկական գերեզմաններու ոչնչացման պետութեան օրին կիրարկած քաղաքականութեան նպատակները պարզ են:
Այս եւս ժխտողական համընդհանուր քաղաքականութեան յատկանշական երեւոյթներէն է: Գերեզմաններու ոչնչացումը պատահական չէ. սերունդները իրենց նախնիներու կրօնական եւ ազգային պատկանելիութեան կարեւորագոյն փաստերէն մէկը կը կորսնցնեն այս ձեւով: Հաւաքական յիշողութեան չէզոքացումի պետական գործողութիւններէն պարզ օրինակ մըն է այս մէկը: Իսկ խնդիրը ոչ միայն հայկական հետքեր ջնջելու պետական մտադրութեան մասին կը խօսի, այլ սեփական պատմութեան հետ առերեսումէ խուսափումի:

Պետական շէնքերու, այգիներու եւ տակաւին բացայայտելի շատ կառոյցներու ակունքները այսօր իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն եւ կը խօսին բնաջնջման ենթարկուած ինքնութեան մը մասին: Հայկական կամ այլ ինքնութիւններու խնդիրներու բարձրաձայնումը տակաւին լսելի չէ: Այդ արդէն բոլորովին ուրիշ հարթութիւն կը տեղափոխէ այս շարժումը: Թէեւ այդ մէկը եւս կրնայ աւելի ուշ, տարբեր հանգրուանի մը մէջ առնչուիլ Սպիտակ տան հաղորդագրութեան մէջ տեղ գտած կոչին, թէ «պէտք է յարգուի ժողովուրդի ազատ արտայայտուելու իրաւունքը»:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել