Կրկնակի Խոցելի

Apo-PhotօԱմերիկեան արտաքին քաղաքականութեան ամէնէն խոցելի կէտերէն մէկը անոր պատեհապաշտական նկարագիրն է: Սպիտակ տան բնակիչները, գրեթէ առանց բացառութեան, դեմոկրատ ըլլան անոնք թէ հանրապետական, երկիրի անսկզբունք արտաքին քաղաքականութիւնը բացատրելու, բոլորովին հակաժողովրդավարական ու հակաժողովրդական վարքագիծը արդարացնելու համար, դիմած են «Ազգային անվտանգութեան պաշտպանութիւն» վերնագրուած ամենապարփակ (աւելի ճիշդը՝ բացարձակապէս ոչինչ ըսող) արդարացումին:

Քարիւղի կամ ընդհանրապէս ուժանիւթի պաշարներ ու փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան ճանապարհներ, շրջանային կայունութիւն, ժողովրդավարական սկզբունքներու ջատագովում, մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւն, հակաահաբեկչական պայքար եւ այլ նմանօրինակ աշխարհացունց բացատրութիւններ կրնան տրուիլ ամէնէն կարճատես քաղաքական քայլերուն:

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ վերաբերեալ քաղաքական կեցուածքի եւ դիրքորոշումներու հարցը կրնայ այնքան ալ բացայայտօրէն չինալ այս անսկզբունքայնութեան դասաւորման մէջ: Բռնատիրութեան հետ համահունչ անձնակեդրոն իշխանութեամբ ինքզինք դրսեւորած Ռաչափ Թայիփ Էրտողանի դէմ դուրս եկած ընդդիմադիր բազմութիւնները ճնշելու, անոնց մէջ ահ ու սարսափ տարածելու եւ նոյնիսկ մահացու հարուածներով զանգուածային ցոյցերը կասեցնելու թրքական իշխանութեանց հանդէպ ամերիկեան ու անոր դաշնակից պետութիւններու հակազդեցութիւնը բոլորովին խոտոր կը համեմատի սուրիական տարբերակին:

Եթէ Էրտողանին համերաշխութիւն արտայայտող ցոյցերու զանգուածային պատկերն է արեւմտեան այս քաղաքականութեան հիմքը, ապա կարելի է պնդել, որ Սուրիոյ մէջ Պաշշար Ասատը եւս կրնար հարիւր հազարաւորներ ոտքի հանել՝ իրեն ի նպաստ ցոյցերու: Թրքական ժողովրդավարութեան արտաքին կեղեւը եթէ բարեհամբոյր վերաբերմունքի կ՛արժանանայ արեւմտեան իշխանաւորներու կամ նոյնիսկ մամուլին կողմէ, ապա թող նոյն այդ իշխանաւորներն ու մամուլի գործիչները փորձեն համոզել Թաքսիմ հրապարակը լեցնող ցուցարարները, որ իրենք կ՛ապրին ազատ ու ժողովրդավար երկիրի մը մէջ, ուր չկայ ազգային խտրականութիւն, ուր չկայ կրօնքի ու դաւանանքի վրայ բռնութիւն, ուր բանակն ու գաղտնի սպասարկութիւնները միայն երկրի արտաքին թշնամիներուն դէմ կ՛ուղղեն իրենց հարուածները:

Թրքական բանակի ու ոստիկանութեան կողմէ Թաքսիմի ցուցարարներուն վրայ կատարուած յարձակումներուն հանդէպ մեղմ ու ներողամիտ հակազդեցութիւնը աղաղակող նոր փաստ է ամերիկեան՝ կրկնակի խոցելի արտաքին քաղաքականութեան:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
asbarez.com

Տպել Տպել