Ակնարկ. Հակահայ Բանաձեւի Տապալումը Եւ Հասցէատիրոջ Ինքնաստանձնումը

Brazil-AՆորովի եւ դասական ժխտողական քաղաքականութեան երկու դրսեւորումներ միաժամանակ արձանագրուեցան Պրազիլի եւ Զուիցերիոյ մէջ: Երկու երեւոյթները մտածել կու տան մեր հակառակորդներուն որդեգրած մարտավարական մօտեցումներուն հետ հաշուի նստելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս երկու պարագաներուն ալ հայկական կողմը առաւելներ արձանագրած է, այսուհանդերձ նախաձեռնութիւնները կը թուին, որ երկարաշունչ վարքագիծերու մասին կը յուշեն:

Պրազիլիոյ մէջ թրքական հարցերու լոպիիստներ, որոնք կը պատկանին պրազիլական հակադիր կուսակցութիւններու, գտած են հասարակ յայտարար` հակահայ բանաձեւի նախագիծ մը, զոր ներկայացուցած են իրենց երկրի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու եւ ազգային պաշտպանութեան յանձնախումբին, ուր կ՛առաջարկեն Պրազիլիոյ աջակցութիւնը Ազրպէյճանին եւ կը պահանջեն հայկական զօրքերու դուրսբերումը Լեռնային Ղարաբաղի տարբեր շրջաններէն` վկայակոչելով ՄԱԿ-ի որոշ բանաձեւեր:

Բնականաբար այս նախաձեռնութիւնը տեղի տուած է տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներու բողոքի արշաւի: Բողոքի նամակ յղած է նաեւ Պրազիլիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը: Ճիշդ է, որ խորհրդարանի քննարկման ներկայացուած հակահայկական առաջարկ-պահանջը դուրս բերուած է օրակարգէն: Ազրպէյճանամէտ դիմումը դուրս բերուած է նաեւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի օրակարգէն, այսուհանդերձ երկու կարեւոր հանգամանք պէտք չէ անտեսել այս նորագոյն զարգացման գործընթացին մէջ:

Նախ անշուշտ այն, որ օրակարգէն դուրս բերելը աւելի համազօր է հարցի ներկայացման յետաձգման կամ առկախման եւ ոչ թէ ընդհանրապէս նախագիծի մերժումին կամ օրակարգի մնայուն ջնջումին: Աւելի կարեւորը այն է սակայն, որ Հարաւային Ամերիկան այս պարագային դարձած է թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի թիրախային միջավայրը: Թրքական հարցերու պրազիլցի լոպպիիստականները անշուշտ հոս կանգ պիտի չառնեն:

Այդպէս է պատուիրուած յայտնապէս միաժամանակ թէ՛ Անգարայի եւ թէ Պաքուի կողմէ: Չմոռնանք, որ Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները յունիսի սկիզբին հաղորդած էին իրենց երկրի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի` պրազիլական պատուիրակութեան հետ հանդիպումներու մասին: Վերջինս գլխաւորած են դաշնային պատգամաւորներ Նելսըն Փելլեկրինոն եւ Քլաուտիօ Քախան: Այն միեւնոյն անձնաւորութիւնները, որոնք համահեղինակ են եւ համանախաձեռնողը հակահայ բանաձեւին, որով կ՛առաջարկեն Պրազիլի աջակցութիւնը Ազրպէյճանին եւ կը պահանջեն հայկական զօրքերու դուրսբերումը Լեռնային Ղարաբաղի տարբեր շրջաններէն` վկայակոչելով ՄԱԿ-ի որոշ բանաձեւեր:

ՄԱԿ-ի մէջ Պաքուի որդեգրել տուած բանաձեւները յայտնապէս նման յղումներ կատարելու համար լիարժէք օգտագործելու համար էին:
Նորովի ժխտողականութեան վառ օրինակ է Պրազիլիոյ մէջ փորձուածը: Անգարան կ՛աշխատի այնպէս, որ ոչ թէ Ցեղասպանութիւնը ժխտող բանաձեւեր որդեգրուին, այլ արցախեան հարցին առնչութեամբ որոշուին ամէնէն հակահայ բովանդակութիւն ունեցող բանաձեւերը:
Դասականի օրինակը Ժընեւի մէջ պատահածն էր. «Գաղթի շուրջ միջազգային երկխօսութեան» շրջանակներուն մէջ սփիւռքի հարցերով նախարարական համաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը խօսած է հայկական սփիւռքի յառաջացման կարեւորագոյն պատճառին` Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Համաժողովին մասնակցող թրքական պատուիրակութիւնը փորձած է պատասխանել նախարարին` անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան փաստի պատմական իրողութեան ուսումնասիրման անհրաժեշտութեան, յիշեցնելով 2009 թուականին ստորագրուած արձանագրութիւններուն մասին: Հրանուշ Յակոբեանը Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անունով հակադարձեց թրքական պատուիրակութեան` նշելով, որ ուրախ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը գտաւ դահլիճին մէջ իր հասցէատէրը, մանաւանդ որ ան իր խօսքին մէջ չէր նշած Ցեղասպանութիւնը գործադրած թուրք պետութեան անունը: Ան կրկին շեշտած է, որ հայկական սփիւռքը Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանք է, եւ կը կարծէ, որ Թուրքիոյ պատուիրակը այս հարցին մէջ որեւէ կասկած չունի, եւ կու գայ օրը, երբ Հայոց ցեղապանութիւնը ի վերջոյ կը ճանչցուի:

Թէ՛ Պրազիլիոյ եւ թէ՛ Ժընեւի մէջ հայկական կողմը առաւելներ արձանագրած է անշուշտ: Հակահայ բանաձեւը տապալած է եւ «հասցէատէր»-ը ինքնաստանձնած է պատասխանատուութիւնը: Պէտք է նկատել, որ հակառակորդը եթէ Պրազիլի մէջ իր վարկածներու հիմնաւորումներուն համար յղում կը կատարէ ՄԱԿ-ի հակահայ բանաձեւերուն, ապա թուրք պատուիրակութիւնը Ժընեւի մէջ Ցեղասպանութեան հարցը պատմագիտական հարթութեան վրայ քննարկելու իր կոչը համոզիչ դարձնելու համար յղում կը կատարէ Անգարա-Երեւան արձանագրութիւններուն:

Հերթական անգամ վերյիշեցնելով արձանագրութիւններէն հայկական ստորագրութիւնը յետս կոչելու անհրաժեշտութիւնը, հայկական այս առաւելներուն առընթեր անպայման հաշուի պիտի նստինք թուրքեւազրպէյճանական միացեալ մեքենայի դասական եւ նորովի արտադրութիւններու իրականութեան հետ եւ աշխատանքին` հայկական դաշտին մէջ պետութիւն-կազմակերպութիւններ նախաձեռնել-հակազդելու մեքենականութեան ապահովել մասնագիտական մարդուժ եւ գերարդիական միջոցներ: Մանաւանդ` 100-ամեակին ընդառաջ:

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել