
Պրիւքսել.- Մայիս 29, 2013-ին, Եւրոպական միութեան խորհրդարանէն ներս իրականացաւ «Հայկական Ցեղասպանութիւն՝ ազգերու հաշտեցման կամուրջ» խորհրդաժողովը, համակազմակերպութեամբ Եւրոխորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ու Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին։ Ձեռնարկին հովանաւորութիւնն ստանձնած էին Եւրոխորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ՝ դոկտ. Էլենի Թէոխարուս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն) եւ Անտրէաս Փիցիլիտիս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն)։ Ներկայ էր նաեւ ՀՀ…








