
Արցախեան հիմնահարցի վերաբերեալ, ժողովը վերստին հաստատեց յանձնախումբին վճռականութիւնը՝ զայն դարձնելու օրակարգի կիզակէտ, չխնայելով ոչ մէկ ջանք, որ Գանատայի մէջ Արցախեան հիմնահարցը ունենայ այնպիսի դրական անդրադարձ, որ ի վերջոյ զայն յանգեցնէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման: Շաբաթ, 15 Սեպտեմբեր 2018-ին, Օնթարիո նահանգի Քինկսթըն քաղաքին մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբի 2017-19 երկամեակի երրորդ լիագումար ժողովը:…