Ամսական արխիւներ. February 2016

Բուն Խզումը՝ Ինք (Իր Չունեցած Շարքերէն)

Մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացած հանրահաւաքի մը ընթացքին, 1in.am կայքի թղթակիցը հարցուց «Ժառանգութիւն» խմբաւորումի (չեմ համարձակիր կուսակցութիւն կոչելու) ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեանին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ ՀՅԴ-իշխանութիւն համախոհական կառավարութիւն (կոալիցիա) կազմելու մասին խօսակցութիւնները: «Ժառանգութեան» ղեկավարը բառացիօրէն պատասխանեց (կ՛արտագրենք նոյն կայքի տեսաերիզէն). «… Դաշնակցութիւնը ինքը եւ յատկապէս դաշնակցական շարքայինները իրե՛նք պիտի գնահատեն իրենց…