
Հոկտեմբեր 18-19-ը Պրիւքսէլի մէջ կայացած Եւրոպահայերու 4-րդ համագումարի առանցքին 4 կարեւոր նիւթեր էին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրական պայքար, Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունք, Հայապահպանութեան խնդիրներ, Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններ: Հայապահպանութեան նուիրուած նիստին որպէս բանախօս մասնակցող Մոնրէալի Ս. Յակոբ վարժարանի հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատու Մհեր Գարագաշեան ներկայացած էր յատուկ առաջարկով` ստեղծել հայկական համացանցային դպրոց, որուն շուրջ,…















