Այսօր Սփիւռքի ՄԷջ Ո՛չ Թէ Արեւմտահայերէնի Կորուստի Խնդիր Ունինք, Այլ` Հայախօսութեան

Հոկտեմբեր 18-19-ը Պրիւքսէլի մէջ կայացած Եւրոպահայերու 4-րդ համագումարի առանցքին 4 կարեւոր նիւթեր էին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրական պայքար, Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունք, Հայապահպանութեան խնդիրներ, Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններ:

Հայապահպանութեան նուիրուած նիստին որպէս բանախօս մասնակցող Մոնրէալի Ս. Յակոբ վարժարանի հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատու Մհեր Գարագաշեան ներկայացած էր յատուկ առաջարկով` ստեղծել հայկական համացանցային դպրոց, որուն շուրջ, եւ ո՛չ միայն, ծաւալած է «Հայերն այսօր»-իհարցազրոյցը:


– Պարո՛ն Գարագաշեան, հայապահպանութեան նուիրուած նիստին ընթացքին ի՞նչ հարցեր քննարկուեցան եւ ի՞նչ եզրահանգումներ եղան:

– «Հայապահպանութիւնը` գոյատեւման հիմնական ազդակ» կլոր-սեղանի ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ հարցերը. «Համայնքային կազմակերպութեան կշիռը ինքնութեան պահպանման եւ պահանջատիրութեան պայքարի մէջ» թեմայով բանախօսեց Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն Միհրան Քիւրտօղլեան, «Արեւմտահայերէնի գործածութեան իրավիճակը Եւրոպայի մէջ եւ վերջինիս պահպանման անհրաժեշտութիւնը» թեման լուսարձակի տակ առաւ Փարիզի «Հրանդ Տինք» վարժարանի մանկավարժական բաժնի պատասխանատու Կարապետ Տաքէսեան:

Իմ ներկայացուցած նիւթս «Հայեցի դաստիարակութեան ներկայի մարտահրաւէրները` տունէն մինչեւ դպրոց, դասական մամուլ ու համացանց» նիւթին շուրջ էր: Նշեմ նաեւ, որ կլոր-սեղանի զրուցավարն էր Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ բաւականին ամփոփ, ճշգրիտ եւ դիպուկ պատմական ակնարկով ներկայացուց հայապահպանութեան հարցերը:

Այս նիւթին ծիրէն ներս, դժբախտաբար, մնայուն օրակարգի վրայ են Սփիւռքի այլեւս ո՛չ թէ դանդաղ, ինչպէս յաճախ կ’ըսենք, այլ արդէն բնականոն մաշումը: Սփիւռքի համայնքներուն մէջ ինքութեան կորուստը, նոր սերունդին մօտ հայախօսութեան եւ հայերէնի իմացութեան չգոյութիւնը եւ հայապահպանութեան հետ առնչուող այլ խնդիրներ ահազանգ են, որոնք ուղղակիօրէն կը սպառնան, որ օր մը Սփիւռքը այլեւս կրնայ գոյութիւն չունենալ:

Թէեւ կլոր-սեղանի նիւթերէն մէկը կ’առնչուէր արեւմտահայերէնի կորուստին, վտանգուած ըլլալուն, սակայն որպէս եզրահանգում, սա նաեւ իմ անհատական մօտեցումս է, հնչեց այն միտքը, որ այսօր մենք Սփիւռքի մէջ ո՛չ թէ արեւմտահայերէնի կորուստի խնդիր ունինք, այլ ընդհանրապէս` հայախօսութեան: Եւ դժբախտաբար, այս ամէնուն առաջքը առնելու մեր ունեցած գործիքները, զինանոցը բաւարար չեն:

– Պարոն Գարագաշեան, կը խնդրէի` ներկայացնել Ձեր ելոյթի հիմնական շեշտադրումները:

– Ցեղասպանութենէն ետք անցնելով մօտ 100-ամեայ ճանապարհ, թեւակոխեցինք 21-րդ դար: Յատկապէս Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներուն մէջ հայապահպանութեան յստակ ձեւեր ստեղծուած էին` տուն-դպրոց-եկեղեցի-ակումբ-հայկական կեդրոն, Լիբանանի, Սուրիոյ մէջ նաեւ հայկական թաղամասեր, հայախօս եւ հայաբնակ բնակավայր, ինչպէս օրինակ` Այնճարը, որոնք հսկայական գործ ըրած են եւ դեռ կը շարունակեն արդունաւէտ կատարել: Սակայն այսօր մենք ունինք նոր իրականութիւն: Նոյնիսկ այս ձեւը, որ որոշ չափով փոխադրուեցաւ նաեւ Արեւմուտք, այլեւս բաւարար չէ, շատ քիչ հասանելիութիւն ունի:

Միջին Արեւելքի համայնքներուն եւ Արեւմուտքի մէջ ձեւաւորուած Հայկական սփիւռքի մէջ հայպահպանութեան, հայախօսութեան, ինքնութեան պահպանման զարգացումները բոլորովին հակոտնեայ էին: Եթէ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ հայկական դիմագիծը պահպանելու առումով ամէն ինչ յստակ էր, ապա Արեւմուտքի մէջ գոյութիւն ունեցող իրականութիւնը բոլորիս յայտնի է` կարծես կանգնած ենք հսկայական ամայութեան առջեւ` հայկականութեան, ազգային դիմագիծի առումով:

Այս ամէնուն գումարուեցաւ նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք յետխորհրդային երկիրներու մէջ կազմաւորուած հայկական համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Խնդրին առնչուող բոլոր փաստարկները, ինչպէս եւ Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ժամանակ, ներկայացուցի թիւերու լեզուով:

Թիւերը, թերեւս, ամենախօսունն են այս պարագային: Թուարկեմ քանի մը օրինակ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան տուեալներով Ռուսիոյ մէջ կը գործէ մօտ 200 մէկօրեայ կրթօճախ: Եթէ դպրոցներէն իւրաքանչիւրը լաւագոյն պարագային 50 աշակերտ ունենայ, որ 10 000 կը կազմէ, 2-2,5 միլիոն հայ բնակչութեան համար տխուր պատկեր կը ներկայացնէ, նման թիւերով բան չես կրնար ընել:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւը, ըստ տեղական հայ մամուլի հրատարակած տուեալներուն, կը հասնի 6000-ի, այն պարագային երբ օտար կրթական հաստատութիւններ կը յաճախեն 50 000 հայ աշակերտ: Ամերիկահայերու թիւը շուրջ 1, 5 միլիոն է, իսկ երկու ափերու ամէնօրեայ վարժարաններու թիւը միայն 26-ն է:

Ֆրանսայի մէջ տարբեր տուեալներով կը բնակի 400 000-էն մինչեւ 500 000 հայ: Կը գործէ 7 ամէնօրեայ վարժարան, որոնցմէ 5-ը նախակրթարան են, մէկը` միջնակարգ, եւ միայն մէկ երկրորդական` Մարսէլի Համազգայինի ճեմարանը: Հայ աշակերտներուն թիւը մօտ 60 000 է, եւ միայն 1500-ը կը յաճախէ հայկական վարժարաններ:

Մտահոգիչ պատկեր, եւ այստեղ է, որ հարց կ’առաջանայ` ի՞նչ պէտք է ընենք ապագային, ինչպէ՞ս պէտք է պահպանենք հայկական ինքնութիւնը, ի՞նչ եղանակով հայապահպանութիւն պիտի քարոզենք: Նման թիւերով անկարելիութեան պիտի հասնենք` սպասարկելու հայ աշակերտներուն: Բնական է, եթէ հայկական վարժարաններ չյաճախեն ու նախընտրեն օտար դպրոցներ, այստեղ է, որ ինքնաբերաբար Սփիւռքը կը սկսի մաշիլ: Որքան ալ ընտանիքը ջանք թափէ, օտար միջավայրը, տիրապետող մշակոյթը, լեզուներն իրենց ազդեցութիւնը կը գործեն: Հնարաւոր է, որ այդ մթնոլորտին մէջ մեծցող երիտասարդը ունենայ պատկանելիութեան զգացում, ինքնութեան դիմագիծ, բայց յաջորդ սերունդները ատիկա չեն կրնար պահպանել: Եւ 50 տարուան ընթացքին այդ մաշումը բաւականին արագ կ’ընթանայ:

– Պարո՛ն Գարագաշեան, որպէս ելք` Դուք կը բարձրաձայնէք համացանցային դպրոցի գաղափարը:

– Այո՛, եւ չեմ ուզեր միայն ախտանշումներ ընել: Ինչպէս Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ժամանակ հնչեցուցի, մենք այսօր կարիք ունինք մասնագիտական, լուրջ ուսումնասիրուած, կազմակերպուած հայկական համացանցային դպրոցի, որուն դասընթացներուն կրնան հետեւիլ մանկապարտէզի տարիքէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտները:

Առաջարկը պարզ, սիրողական նիւթ չէ, այլ լուրջ քայլ` համացանցային դպրոց, որուն ամենամեծ առաւելութիւնն այն է, որ սահմաններ չի ճանչնար:

Որպէս նախատիպ ունենալով ՀԲԸՄ-ի Վիրտուալ քոլեջը, կրնանք ստեղծել համացանցային դպրոց, որ թէեւ պատեր, դասարաններ, գրասեղաններ չունենար, սակայն կ’ունենայ ուսումնական համակարգուած դասընթացք, որ տեղի կ’ունենան վիրտուալ իրականութեան մէջ:

Բաւականին մեծ ծրագիր է, հետեւաբար առաջարկս է, որ բոլորիս ուժերու լարումով ըլլայ` պետութիւն, եկեղեցի, կրթական, մշակութային կառոյցներ: Բոլորս պէտք է կեդրոնացնենք մեր ուժերը եւ անհրաժեշտութեան պարագային ստեղծենք յանձնախումբ, որ նախ եւ առաջ գոյութիւն ունեցող թիւերու հիման վրայ ուսումնասիրութիւններ, հետազօտութիւններ կը կատարէ: Եթէ, ի հարկէ, օգտակար կը գտնեն եւ կը համաձայնին նման իրականութեան հետ հաշտուիլ:

Բնական է, որ գաղափարը կրնայ նաեւ հարցադրումներ յառաջացնել, օրինակ` եթէ ստեղծենք, արդեօք բոլորը կը ցանկա՞ն մասնակցիլ: Հարց, որուն յստակ չենք կրնար պատասխանել եւ հաւանաբար չենք կրնար բոլորը հաւաքագրել: Բայց եթէ չստեղծենք, ապա հայկական դպրոցներու գոյութիւն ունեցող պակասը այդպէս ալ կը մնայ չլուծուած: Իսկ եթէ ստեղծենք, ժամանակի ընթացքին այն կրնայ նոր թափ հաւաքել: Որքան շատ մարդ միանայ այս դպրոցին, միայն կրնանք շահիլ: Պեռլինի մէջ, Կալկաթայի, Սիտնէի մէջ ապրող հայ աշակերտը կրնայ լիարժէք հայկական կրթութիւն ստանալ, եթէ մենք կարենանք ամէն ինչ ճիշդ հիմքներու վրայ դնել:

Յաճախ տրուող հարցերէն է նաեւ` համացանցային դպրոցը ոգի եւ շունչ կրնա՞յ փոխանցել: Պատասխանս փոխանցեմ պարզ օրինակով մը: Ժամանակին թատրոնէն դէպի սինեմա անցումը բաւականին աղմուկ բարձրացուց: Շատերը թերահաւատ էին, կրնա՞յ արդեօք «պաղ» շարժանկարը փոխանցել թատրոնի մարդկային տաք շունչը, ոգին: Ժամանակը ցոյց տուաւ, թէ շարժանկարներն ինչպէս կրնան յուզել, ապրումներ փոխանցել մարդոց, հանդիսատեսին:

Նոյնն է նաեւ դպրոցի պարագային, եթէ կարենաս ստեղծել դասարան, ուր բոլոր դասերը փոխներգործող կ’ըլլան, ֆիզիկական ներկայութեան խնդիրը չի կրնար խոչընդոտ ըլլալ:

– Պարո՛ն Գարագաշեան, որքանով Ձեր առաջարկած ծրագիրը

իրատեսական է եւ ի՞նչ պէտք է, որպէսզի այն հնարաւոր ըլլայ իրագործել:

– Եթէ մտածենք` իրականալի է, թէ` ոչ, ոգի, շունչ կրնայ փոխանցել, թէ` ոչ, միայն կը փնտռենք պատճառաբանութիւններ` ոչինչ ձեռնարկելով: Իսկ ոչինչ ընելով` կ’ունենանք այն պատկերը, ինչ ունինք այսօր: Սակաւաթիւ կրթական հաստատութիւններ, որոնք մեր կարիքները չեն կրնար բաւարարել: Այս ամէնէն ետք անլուրջ է առտուընէ իրիկուն հայապահպանութեան մասին գեղեցիկ ճառեր ըսելը:

Եթէ լուրջ ճամփայ պիտի ելլենք կրթական օճախներ ստեղծելու համար, իբրեւ նմանօրինակ գաղափարի այընտրանք, ապա իւրաքանչիւր համայնքի մէջ հարիւրաւոր վարժարաններ պիտի ստեղծենք. միթէ՞ կրնա՞նք կամ հնարաւո՞ր է: Սա ոչ միայն անիրականալի է, մեծածախս, ֆինանսական լուրջ ներդրումներ պահանջող, այլեւ միջոցներ չունինք այդ ամէնը իրականացնելու:

Փոխարէնը` համացանցային վարժարանը առջեւդ լայն հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ եւ մէկ վարժարանով կու տաս բոլոր հարցերու պատասխանը: Մեր տրամադրութեան տակ են նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, որոնք օրէ օր կը զարգանան եւ նոր հեռանկարներ կը բանան: Եթէ այս ամէնն ի օգուտ մեզի օգտագործենք, եթէ ժամանակին համընթաց քալենք ու պարբերաբար թարմացնենք մեր պարունակութիւնը, հասնալիութեան միջոցներն ու մեթոտները, կը կարծեմ` մեր բոլոր խնդիրներուն պատասխանը կ’ունենանք:

– Եւ վերջին հարցը. պարո՛ն Գարագաշեան, հայապահպանութիւնը ուրկէ պէտք է սկսիլ (նկատի ունենալով Ձեր փորձառութիւնը` որպէս մանկավարժ եւ մարդ, որ կ’ապրի Սփիւռքի մէջ):

– Ամէնէն առաջ հայապահպանութիւնը կը սկսի տունէն, ընտանիքէն, ընդլայնուած ընտանիքէն` հայր, մայր, մեծ ծնողներ, ազգականներ, բարեկամներ, շրջապատէն, տան մէջ տիրող հայկական մթնոլորտէն, տան մէջ արծարծուող ազգային զգացողութիւն ունեցող նիւթերէն, որ կը յանգեցնէ լեզուի խնդրին: Ես այն մարդոցմէ եմ, որոնք տակաւին ամուր կառչած են լեզուին, որոնք կը համարեն, որ հայ լեզուն հայապահպանութեան առանցքն է: Դասական առումով` լեզուն է, որ լեզուամտածողութիւն կը ստեղծէ, իսկ լեզուամտածողութիւնը` հոգեկերտուածք: Սակայն այսօր մենք ունինք նաեւ մէկ այլ իրականութիւն եւ պէտք է մտածենք այլ միջոցներու մասին: Եթէ Սփիւռքի մէջ ապրող 4-րդ, 5-րդ սերունդի երիտասարդի ծնողները հայախօս չեն, շրջապատին մէջ հայկական դպրոց չկայ, մեծ ծնողները ներկայութիւն չունին անոր կեանքին մէջ, այդ երիտասարդի ինքնութիւնը չես կրնար խարսխել լեզուի վրայ: Հետեւաբար, պէտք է մտածես մնացած բաղադրիչներուն մասին, պիտի փորձես այդ «պակասը» լրացնել մշակոյթով, հայկական երգով, պարով, խոհանոցով, այդ ամէնուն աւելցնես նաեւ հայկական «activism»: Կամաց-կամաց, քայլառքայլ այս բաղադրիչներով կը սկսիս քարոզել այն, որ կը կոչուի ազգային դիմագիծ:

Օրինակ` Եւրոպայի մէջ, յատկապէս` Ամերիկայի մէջ, մենք այսօր Հայ դատի աշխատանքներուն լծուած շատ երիտասարդներ ունինք, որոնք այս կամ այն պատճառներով հայախօս չեն: Սակայն հոյակապ գործ կը կատարեն, շատ պարագաներու նոյնիսկ հայախօս հայերէ աւելի հայրենասէր, ազգասէր են ու կ’ընեն հնարաւոր ամէն ինչ մեր դատը, մեր երազները տեղ հասցնելու եւ ի կատար ածելու համար:

Այս ամէնը մեզի կը յուշեն, որ որքան ալ կառչած մնանք լեզուի գաղափարով հայապահպանութիւնը հիմնաւորելու խնդրին, այդքան ալ պէտք է բաց ըլլանք պրպտելու, փնտռելու այլազան մօտեցումներ, որպէսզի կարենանք մարդոց պահել հայկականութեան ծիրին մէջ:

Այս առումով Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւնը, մեր երկու հանրապետութիւններու ներկայութիւնը շատ մեծ դեր ունեցաւ մեր կեանքին մէջ եւ տակաւին պէտք է ունենայ: Հետեւաբար, Հայաստանի եւ Արցախի հետ անմիջական կապը շատ բան կրնայ փոխել: Դէպի հայրենիք մէկ այցելութիւնն անգամ նուազագոյն կորիզ ունեցող հայուն մէջ շատ բան կրնայ փոխել:

Երկրորդ` ժամանակն ինքնին կ’ընթանայ այն ուղղութեամբ, որ հայութեան օրը կը մօտենայ իր արշալոյսին: Շատերը կը կրկնեն այս թռիչքաձեւ, գեղեցիկ խօսքը: Ես նոյնպէս կը հաւատամ, որ մենք ոչ շատ հեռու ապագային պիտի ունենանք ամբողջական ծաղկումը մեր ունեցած ստեղծագործ աշխարհին: Անգամ աշխարհը դէմ յանդիման դուրս կու գայ հայկական ալիքին: Եւ այդ ընթացքին է, որ մենք պիտի տեսնենք հայկականութեան վերազարթօնքը հայկական շատ կորսուած համայնքներու, սերունդներու հոգիներուն մէջ:

Բայց պէտք չէ այս հեռանկարով առաջնորդուիլ, պէտք է հաստատ քայլեր ձեռնարկել:

Այս իմաստով մեր դարաշրջանի քայլին համընթաց, յառաջախացման ալիքին վրայ պէտք է լուծումներ որոնենք: Եթէ մինչ այսօր մեր ունեցած միջոցները մեզի հասցուցած են 21-րդ դար, այսուհետ մենք պէտք է գտնենք նոր ձեւեր, որոնք առաւել արդիւնաւէտ կ’ըլլան: Այդ հարցով մեր ամենամեծ դաշնակիցը կրնան ըլլալ համացանցային արհեստագիտութիւնները: Սփիւռքի պարագային մենք կրնանք այն զէնքի վերածել, հայապահպանութեան իւրատեսակ ազդակի:

Մեզի կը մնայ ընդամէնը խոստում կատարել: Մեր հասած ճանապարհէն դիմացի ճամփան թռիչքով հասնելու որոշում կայացնել եւ անցնիլ գործի:

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան

Տպել Տպել