
Ատրպէյճան կը շարունակէ լարել արդէն սրուած իրավիճակը Արցախ – Ատրպէյճան շփման գիծին վրայ: Երէկուընէ մինչ այսօր չորս հայ զինուորներ նահատակուեցան Ատրպէյճանի կողմէ հայկական դիրքերուն դէմ իրագործուած ռմբակոծութեան հետեւանքով: Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին արձանագրուեցան ապրիլ 2-5 2016 քառօրեայ պատերազմէն ետք զինադադարի ամենէն լուրջ խախտումները: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ պարտականութեան վրայ…















