
Օգոստոսի այս օրը, 99 տարի առաջ, Պաքուի հայութիւնը կենաց-մահու կռիւ կը մղէր Անդրկովկաս արշաւած թրքական զօրքերու եւ անոնց զինակցած տեղաբնակ մուսաւաթական թաթարներուն դէմ։ Թէեւ Առաջին Աշխարհամարտը մօտեցած էր իր աւարտին, բայց Պաքուի նաւթահորերուն տիրանալու համար կատաղի ու վերջին պայքար մը ծաւալած էր մէկ կողմէ թուրք-գերման զինակիցներուն, իսկ միւս կողմէ՝ ռուս-անգլիացի դաշնակիցներուն միջեւ։ 1917ի Հոկտեմբերին պոլշեւիկներու…















