
Սեպտեմբեր 21ին, աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր ահա՛, մեր ժողովուրդը աշխարհի ողջ տարածքին միասնականօրէն ոտքի կը կանգնի եւ համազգային խանդավառութեամբ կը տօնէ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման պատմակերտ Օրը։ Սեպտեմբեր 21ի տօնը կը խորհրդանշէ ժողովրդավարական նուիրագործումը Հայաստանի անկախութեան անփոխարինելի արժէքին՝ համայն հայութեան մէջ վերաթարմացնելով յիշողութիւնը 27 տարի առաջ ազգովի՛ն նուաճուած համաժողովրդական հանրաքուէի անմոռանալի պահերուն։ Օրհնաբեր այն…















