
Սահմանադրական հանրաքուէն արմատական փոփոխութիւններու ամբողջ համակարգ մը կեանքի կոչեց Հայաստանի պետական կեանքին նոր որակ տալու յստակ առաջադրութեամբ։ Եւ սակայն երկրի իշխանական թևի ելոյթներն ու պահուածքը յստակ ոչինչ կ՚ըսեն այս մասին։ Ոչ ոք կ՚աճապարէ մեր պետականութեան այս նոր դարագլուխը արժանաւորապէս նշելու. զայն ոգևորութեամբ շեփորելու. զայն դրօշի վերածելու։ Սահմանադրութիւնը երկրի տնօրէն օրէնքն է, որ կը գործէ գերաստիճան…















