
Հայ ժողովուրդի բազմադարեան հոգեմտաւոր հարտութեան եւ ազգային-հասարակական արժէքային ժառանգութեան առաքելատիպ վերանորոգիչներէն է Նիկոլ Աղբալեան: Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, ազգային-պետական ղեկավար գործիչ եւ քաղաքական-հասարակական անձնուէր առաջնորդ մը եղաւ Աղբալեան, որ իր կեանքը աւարտեց տարագրութեան մէջ՝ իբրեւ մեծ մանկավարժ եւ հանրային դաստիարակ, իր անունը անջնջելիօրէն կապելով Համազգայինի Ճեմարանին։ Բառին խորագոյն եւ ընդգրկուն իմաստով՝ Հայաստանի ու հայութեան…














