
10 Օգոստոսին, 1920ին, հայ ժողովուրդը յաղթահասակ կանգնեցաւ միջազգային բեմահարթակի վրայ՝ անկախ հայրենիքի եւ ազատ պետականութեան տէր ազգի իրաւական կարգավիճակով նոր դարաշրջան իր մուտքը նուիրագործելով։ Օգոստոս ամսու 10րդ օրը, 98 տարի առաջ, հանդիսաւոր շուքով ստորագրուեցաւ Սեւրի Դաշնագիրը, որ նուիրագործեց Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը։ Սեւրի Դաշնագիրը նաեւ եղաւ այն միակ միջազգային…














