
Սեդօ Պոյաճեան Դիմատետրի էջիս տեղադրած «ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԻ ԳԱՐ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ» յօդուածիս առիթով երեց ընկերս Կարօ Արմենեան կատարած է սքանչելի նկատողութիւն, որուն ճշմարտութիւնը, հարազատութիւնը եւ իմաստութիւնը թարգմանն է իւրաքանչւր Դաշնակցականի գաղափարական բծախնդրութեան։ Կ՛ուզեմ հրապարակաւ բաժնել ընկերոջս այս գրառումը, որ թէ՚ դաստիարակող է եւ թէ յուշող՝ այն ծանր պատասխանատուութեան մասին որ տեւաբար կը պատկանի Դաշնակցութեան.- «Կեցցե՛ս, Ընկ. Սեդօ։…















