
Հակահարուածներու գործընթաց մը սկսած է ատրպէյճանական եւ հայկական բանակներուն միջեւ: Ատրպէյճան սադրիչ գործողութիւն կը կատարէ՝ վնաս հասցնելով հայկական բանակին, որ իր կարգին, հակահարուած տալով՝ աւելի ծանր կորուստներ կը պատճառէ ատրպէյճանական կողմին: Այսպէս, լարուածութիւնը կը սաստկանայ, եւ որեւէ պահու, կրնայ լայն ճակատներով պատերազմ մը սկսիլ: Պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով հռետորութիւնը համահունչ է զինուորական գործողութիւններու մագլցումին: Միայն թէ՝…















