
Ջաւախահայութեան վերաբերող հարցերու քննարկման որեւէ փորձ բնականաբար պէտք է նկատի ունենայ Թիֆլիսի կեդրոնական իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը երկրին մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ. եւ տակաւին վրացական դիտանկիւնէ` անջատուած Աբխազիոյ եւ հարաւային Օսեթիոյ իրականութիւնները կամ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան (չ)պահպանման փաստը: Փաստօրէն, Թիֆլիսը որդեգրած էր զարգանալ զիջելով տարբերակը: Դէպի Արեւմուտք, Եւրոպական Միութիւն եւ ՕԹԱՆ սրընթաց համարկումի քաղաքական վարքագիծը,…















