
Միջին արեւելեան Ալ-մոնիթըր լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ Թուրքիա ապրող իսլամացած հայերու վերջին տարիներու կացութեան մասին մանրամասնութիւններ։ Թուրք լրագրող Սիպէլ Ութքու Պիլա ստորագրած է էջ մը, ուր կը նկարագրէ ցեղասպանութենէն ճողոպրած խլեակներուն, մեծ մասամբ բռնի իսլամացած երեխաներ, անոնց զաւակներուն ու թոռներուն մօտ ծագած երկընտրանքը, որ կը վերաբերի իրենց նախնիներուն կրօնքին ու ինքնութեան վերադարձին։ Կացութիւնը հետեւանք է…















