
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը խորապէս մտահոգուած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու պաշտպան, մտաւորական Օսման Քաւալայի հարցով, որ 18 հոկտեմբերի առաւօտեան Պոլսոյ օդակայանին մէջ ձերբակալուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ: Քաւալա Թուրքիոյ մէջ գործող մտաւորականութեան տիրական դէմքերէն մէկն է, որ Թուրքիոյ մէջ խաղաղութեան, այնտեղ ապրող ազգերու միջեւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման, երկխօսութեան ջատագով է: Ան 24 ապրիլ 2016-ին այցելած է…















