
Վերջերս հայկական մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն վրայ կրկին սկսան շրջանառութեան դրուելու Արամ Մանուկեանի տան (Երեւան, Արամի, թիւ 9) ճակատագիրին մասին որոշ- անորոշ լուրեր, որ իբրեւ թէ այդ շէնքին տեղ ինքնաշարժներու կայանատեղի պիտի կառուցուի: Այնպիսի շեշտադրումով, որ կարծէք եթէ կայանատեղիի փոխարէն ըսենք՝ աշխատատեղի կամ տնտեսապէս այլ շահաբեր հաստատութիւն մը ըլլար կառուցուելիքը՝ հարցը կը փակուէր. կամ Քալիֆորնիոյ…















