
Կովկասեան տարածաշրջանէն ներս մեծապետական ուժերու վերադասաւորումը ցոյց կու տայ այսօր, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը պիտի ընթանայ Ռուսիոյ հետ յարաճուն սերտակցութեան հանգրուաններով, մինչ Վրաստան պիտի գործէ Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի շահերուն խարիսխ հայթայթելու եւ այդ ճանապարհով Արեւմուտքի աւազանին մաս դառնալու դիտաւորութիւններով: Այսուհանդերձ, ներկայ դրութեամբ, իրականութիւն է նաեւ այն, որ Հայաստանը սերտ առնչութիւններով կապուած պիտի ըլլայ Արեւմուտքին, ինչպէս…















