Լուիս Ալմակրօ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Ընտանիքին Ճանչնալու Արցախի Իքնորոշման Իրաւունքը

FotorCreatedԿիրակի, Յունուար 4ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ Մարիօ Նալպանտեան եւ Հ.Յ.Դ. Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ հանդիպում մը ունեցան Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց Նախարար՝ տոքթ. Լուիս Ալմակրոյի հետ։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուած նիւթերու կարգին յատկապէս քննարկուեցան Հարաւային Կովկասի քաղաքական իրադարձութիւններն ու Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի բազմաթիւ խախտումները, ինչ որ Նախարարը բուռն կերպով դատապարտեց։ Նախարար Ալմակրօ նոյնպէս կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին՝ ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքը, նաե՛ւ վերահաստատելով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, Մայիս 1918էն Դեկտեմբեր 1920 անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն համաձայն։mario aming

Նախարար Ալմակրոյի յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կը ցոլացնէ շրջանի կարգավիճակի մասին Ուրուկուայի գիտակցութիւնը։ Սեպտեմբեր 2011ին, Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց Նախարարը հրապարակային ձեւով յայտարարեց թէ Ուրուկուայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի քննարկման սկիզբ տուած էր, այդ ուղղութեամբ պաշտօնական որոշում որդեգրելու միտումով։ Ապա, զանազան առիթներով հադիպումներ կայացան Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց Նախարարի ու կառավարական բարձր պաշտօնեաներու եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ Ուրուկուայի մօտ անոնց Դեսպաններուն հետ։ Խորհրդարանական գետնի վրայ, Ուրուկուայի տասնեակ երեսփոխաններ եւ ծերակուտականներ առիթ ունեցան հանդիպելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Դեկտեմբեր 2011ին, Մոնթէվիտէօ իր այցելութեան առիթով։ Միւս կողմէն, Ուրուկուայի Երեսփոխանական Տան նախագահ՝ տոքթ. Խորխէ Օռիքոյի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Նոյեմբեր 2012ին, ու հանդիպումներ ունեցաւ երկրի Գործադիր եւ Օրէնսդիր իշխանութիւններուն ու զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

Հարցը նաեւ ներկայ եղած է 2011 թուականէն ի վեր Ուրուկուայի բոլոր քաղաքական կազմակերպութիւններու խորհրդարանականներուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն կողմէ Ատրպէյճան կատարած այցելութեանց ժամանակ։
Մինչ Յուլիս 2014ին, հիմնահարցը նոյնպէս ներկայացուեցաւ Նախագահներ Խոսէ Մուխիքայի եւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հրապարակուած միասնական յայտարարութեան մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի կողմէ Ուրուկուայ այցելութեան առիթով։ Զոյգ Նախագահները ընդգծեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը, Մինսքի Խումբի աջակցութեամբ։

Յունուար 4ին հրապարակուած սոյն յայտարարութիւնը կը գտնուի Հարաւային Կովկասի շրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան օժանդակելու նպատակով Ուրուկուայի կողմէ սկիզբ տրուած աշխատանքներուն, առ ի հետեւում երկրի արտաքին քաղաքականութեան աւանդական արժէքներուն։

Հանդիպման վերջաւորութեան, Նախարար Ալմակրօ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հայ ժողովուրդներուն փոխանցեց իր բարեմաղթանքները, 6 Յունուարի հայկական Սուրբ Ծնունդի առիթով։
Հետեւաբար, Ուրուկուայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը.-

«Արտաքին Գործոց Նախարարը այսօր հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի միջազգային եւ Ուրուկուայեան ներկայացուցիչներու հետ։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հարաւային Կովկասի յուզող հարցեր, եւ Արտաքին Գործոց Նախարարը բուռն կերպով դատապարտեց Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումուները, որ հետզհետէ կը շարունակուին։ Նոյնպէս, նկատի ունենալով Մինսքի Խումբի տարած աշխատանքը, որու եզրափակման պիտի սպասէ Ուրուկուայը ճանաչման առընչութեամբ իր որոշումը որդեգրելու համար, շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան սկզբունքը՝ Մայիս 1918էն Դեկտեմբեր 1920 անկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն (նախ քան խորհրդայնացումը)։

«Ապա, Արտաքին Գործոց Նախարարը 6 Յունուարի Ծնունդի առիթով իր ողջոյնի պատգամը փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հայ ժողովուրդներուն, յոյս յայտնելով որ այս վերջինը ազգերու միջազգային հանրութեան կողմէ իր ճանաչումը ստանայ շուտով։

«Մոնթէվիտէօ, 4 Յունուար 2015»

Տպել Տպել