
«30 Նախարար Հաշուող Կառավարութեան Մէջ Հայ Համայնքը Կը Ներկայացուի Երկու Նախարարով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմելով կը գտնուի Ժընեւ, անդրադարձաւ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ Լիբանանի կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան պատկանող երկու նախարարներէն մէկը խլելու փորձեր կը կատարուին: Յ. Բագրատունի…















