
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս տարի եւս հովանաւորներէն մէկը պիտի հանդիսանայ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք՝ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» համաժողովին, որուն պիտի մասնակցին մեծ թիւով քաղաքական եւ հոգեւոր առաջնորդներ, ներառեալ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Հոկտեմբեր 24էն 26 կայանալիք ժողովի մասնակիցներուն ուշադրութեան առանցքը պիտի ըլլան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան եւ քրիստոնէութեան ու կրօնական…















