Շրջանային մամուլ

Ակնարկ. Տոհան Կը Հարուածուի Թիրախ Ունենալով Թեհրանը

Տարածաշրջանային առումով դիւանագիտական ամենագլխաւոր ճգնաժամի յառաջացումը յանկարծակիութեան գործօնով կը յատկանշուի: Քաթարի հետ արաբական որոշ երկիրներու (եւ ոչ միայն) դիւանագիտական կապերու խզումի իրերայաջորդ յայտարարութիւնները շատ արագ մագլցողականութեան երեւոյթ կը պարզեն: Պէտք չէ մտահան ընել անշուշտ Միացեալ Նահանգներու նախագահին այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա, այդ առիթով հակաահաբեկչական միջազգային դաշինքի մասին կատարուած յայտարարութիւնները եւ Ռիատը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու տարածաշրջանային կեդրոնի…

Ակնարկ. Պաշտօնական Նիկոսիոյ Ուշագրաւ Յայտարարութիւնը

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը հիւսիսային Կիպրոսն ու Արցախը չհամեմատելու դիտարժան բաժին ունի բազմակողմանիօրէն: Նախ անշուշտ կը վերաբերի կիպրական կողմին: Երբ Պաքուն եւ Անգարան տարբեր առիթներու այս համեմատութիւնը կը կատարեն, քանի մը թիրախ բնականաբար ներառած կ՛ըլլան իրենց մարտավարական մօտեցումներուն մէջ: Թէեւ այստեղ երկու պետութիւններուն շարժառիթները տարբեր կրնան ըլլալ: Մէջբերենք Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եոաննիս…

Հայերի ժամադրավայրը հայրենիքն է

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միության գրասենյակը շուտով կգործի նաեւ Արցախում։ Հենց այդ առաքելությամբ են այս օրերին Արցախում Համազգային միության ներկայացուցիչները։ «Ապառաժ»-ը Արցախում իրականացվելիք առաջիկա ծրագրերի, միության գործունեության եւ ռազմավարության շուրջ զրուցել է Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչյանի հետ։ – Ինչպե՞ս հասունացավ Արցախում Համազգայինի գրասենյակ հիմնելու գաղափարը։ – Համազգային միության յուրաքանչյուր…

Թիւրըմբռնումի Եւ Շիլ Հաշուարկի Միջեւ. Ո՞ւր Է Գաղափարական Հիմքը

Նորութիւն չէ այն միտքը, որ շարժումներու յաջողութեան նախապայմանը անոնց գաղափարական հիմքն է։ Շարժում մը, ըլլայ ատիկա ազգային ֊ ազատագրական պայքար, կամ ներազգային ու այլ բնոյթի, եթէ պիտի յաջողի (կամ նոյնիսկ եթէ ճամբայ պիտի ելլէ), անհրաժեշտ է որ ունենայ գաղափարական հիմնաւորում։ Ճիշդ է նաեւ այն, որ պատմութեան անկիւնադարձային դէպքերը տեղի կ’ունենան իբրեւ արդիւնք գաղափարական շարժումներու. գաղափարներու…

Ինչո՞ւ Զայրացած Ենք

Զայրացած ենք, քանի որ մեր առջեւ պարզուող իրականութիւնը այլեւս խորքային բնոյթ ունի: Մեր աչքերուն մէջ նայելով, նենգումի համակարգը լծուած է գործի՝ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը առեւանգելու եւ զայն փոխարինելու ստապատիր «տեղեկոյթ»ով: Սկիզբը վերագրեցինք չիմացութեան, անհրաժեշտ աստիճանականութեան, դիւանակալ տարրերու անփութութեան: Նոյնիսկ ուրախացանք, որ երբեմնի բոլշեւիկեան կառոյցներէն դուրս եկած մարդիկ սկսած են գնահատելու Գարեգին Նժդեհը եւ Մայիսեան ճակատամարտերու…

Դաշնակցական նախարարները վերանշանակվեցին

Ինչպես հաղորդում է ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայությունը, ՀՀ նախագահի հրամանագրով իրենց պաշտոններում նշանակվեցին բնապահպանության նախարար Արծվիկ Մինասյանը, ԿԳ նախարար Լևոն Մկրտչյանը և տարածքային կառավարման և զարգացման նախարար Դավիթ Լոքյանը:

Խաթարման եւ խորթացման վտանգաւոր ուղին

(Պապանձումը Դաշնակցութեան Մասին) «Դարեր շարունակ փառքի ճանապարհից դուրս մղուած մի ժողովրդի վերածնութեան ճիգերի խտացումն է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։» ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ Մեր ժողովուրդը տասնամեակներ շարունակ փորձառութիւնը ապրած է մեր ազգային արժէքներու խաթարման եւ խորթացման պոլշեւիկեան ճիգերուն։ Եւ երբ հարցը կը վերաբերի ազգային արժէքներու նսեմացման, թիրախը միշտ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է։ Այս ուղղութեամբ պոլշեւիկեան փորձերը մատնուած էին…

«Ազդակ» ի Խմբագրական. Ազգի Շարունակականութեան Ապահովումը

Տարի մը մեզ կը բաժնէ մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակէն: Երեւանի մէջ յառաջացած է պետական յանձնաժողով` մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգելու համար: Վստահաբար բարձրագոյն մակարդակով, որակեալ եւ համահայաստանեան տարողութեամբ կը մշակուին, կը նախապատրաստուին եւ կ՛իրականանան այն բոլոր ծրագիրները, որոնք կը նախագծուին արժանաւորապէս նշելու մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն անկիւնադարձային եւ ամէնէն…

Որպէսզի Յաւերժացուի Անկախութեան Սերունդը

(ԳԱԼ ՏԱՐԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿՆ Է) Այո, մեծ գիւտ մը ըրած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ գալ տարի Հայաստանի անկախ պետականութեան ծննդեան 100 ֊ ամեակն է։ Եւ ինչպէս բոլոր կլոր թիւով յոբելեանները, այս եւս առիթ է ընդգծելու պատմական այդ իրադարձութեան կարեւորութիւնը՝ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ։ Մայիս 28ի հարիւրամեակը նաեւ առիթ է պանծացնելու մեր անկախ պետականութիւնը կերտած սերունդը՝…

Մայիսի 28-ն է ազգային ճանաչման եւ անկախութեան օրը

Մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ միշտ պիտի յուշէ մեր բոլորին, «Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»։ Անշուշտ բանաստեղծը չէր սահմանափակեր իր պատգամին էութիւնը լոկ ճակատամարտին։ Ճակատամարտէն անդին ու աւելին, պատգամը անոր ոգիին եւ խորհուրդին մասին է։ Արդի հայութեան ազգային ինքնաճանաչման եւ գիտակցութեան ներշնչման աղբիւրն է Սարդարապատէն բխող ոգին, խորհուրդը եւ կամքը, որոնց կենդանի մարմնաւորումը կը հանդիսանան 1918…