Շրջանային մամուլ

Ի՞նչ է ակնկալում Անկարան Աստանայից

Այսօր Աստանայում մեկնարկել է միջսիրական բանակցութիւնները, որին մասնակցում են նաեւ սիրիական ճգնաժամի հմնական խաղացողները՝ Իրանը, Ռուսաստանը եւ Թուրքիան, որոնցից թերեւս ամենահետաքրքիրն ու ինտրիգայինը Թուրքիայի դիրքորոշումը եւ հետապնդած նպատակներն են: Հալէպի ազատագրումն անկասկած ծանրագոյն հարւածն էր սիրիական ճգնաժամում Թուրքիայի դիրքերին, որն իր հիմնական խաղադրոյքը կատարել էր Հալէպում՝ սիրիական ընդդիմութեան յաջողութեան վրայ: Հալէպի պարտութիւնը Թուրքիայի իշխանութիւններին ստիպեց…

Ճեմ Օզտեմիր . «Անիմաստ է Անգարայի հնամաշ յանկերգը թէ ոչինչ պատահած է 1915-ին»

«Հորիզոն».- Յունուար 21-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ կայացաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 10-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը, որ կազմակերպուած էր Քեպէգի հայ կազմակերպութիւններու միացեալ մարմինին կողմէ։ Օրուան պատգամաբերն էր Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ, Գերմանիոյ Կանաչներ կուսակցութեան համանախագահ եւ 2016-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը մղիչ ուժը հանդիսացող՝ Ճեմ Օզտեմիր։ Հանդիսութեան ներկայ էին ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան,…

22 Նորագիրներ Համալրեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Շարքերը

Շաբաթ, 21 Յունուարին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» կեդրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան» սրահին մէջ 22 հայորդիներ, իրենց երդումը տալով՝ համալրեցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը: ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին յառաջացուցած դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ Յարութ Մկրտչեան, երդման արարողութենէն առաջ սրահին մէջ հաւաքուած մեծաթիւ կուսակցականներուն ներկայացուց նորագիրները ու անոնց կնքամայրը՝ Անի Պէրպէրեանը։ Հայերէնի վաստակաւոր ուսուցչուհի եւ…

Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններ Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանին կը կտակեն մէկ միլիոն երկու հարիւր իննսունինը հազար եւ քառասուն ամերիկեան տոլար

Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններ Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանին կը կտակեն մէկ միլիոն երկու հարիւր իննսունինը հազար եւ քառասուն ամերիկեան տոլար Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը յայտարարէ, թէ Միացեալ Նահանգներէն 2011-ին հանգուցեալ Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան ֊ ներկայիս Մ. եւ Հ. Արսլանեան» Ճեմարանին կտակած են մէկ միլիոն երկու հարիւր իննսունինը…

Ալ Պապ` Ցեղասպանութեան Ընթացքին Դէպի Անապատ Բացուող Դուռը

1916 թուականի առաջին օրը Յովհաննէս Խաչերեան արթնցաւ ձայնէն իր մօտերը գտնուող կնոջ մը, որ «Առաւօտ լուսոյ» շարականը կ’երգէր: Քանի մը երկվարկեան տեւեց, մինչեւ որ գիտակցեցաւ, թէ կը գտնուի ոչ թէ իր պապերուն հարազատ հողին` Պարտիզակի իր տան մէջ, այլ Ալ Պապ աւանին մերձակայքը գտնուող կեդրոնացման ճամբարի մը մէջ. աւան մը, որուն անունն իսկ նախապէս չէր…

Ակնարկ. Համաձայնեցուած Յայտարարութիւններու Տրամաբանութիւնը

Ասթանայի բանակցութիւններու նախօրեակին Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութիւնը գլխաւորող` ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն դեսպան Պաշշար Ժաաֆարիի յայտարարութիւնը լուսարձակներ կը խլէ. ըստ Ժաաֆարիի, «Թուրքիան Սուրիոյ գերիշխանութիւնը ոտնահարող, ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն աջակցող եւ խաղաղ լուծումը արգելակող պետութիւն մըն է, հետեւաբար անոր հետ երկխօսութիւն պիտի չկատարենք»: ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն դեսպանին, այսինքն` պաշտօնական Դամասկոսին նախապայմանային այս մօտեցումը բաւական կարծր է եւ…

Ավստրալիայի Հայ Դատի հանձնախմբի նախկին անդամը ընտրվել է ավստրալական նահանգի վարչապետ

ԱՄՆ Հայ Դատի պաշտոնական կայքէջը տեղեկացնում է, որ Ավստրալիայի Նոր Հարավային Ուելս նահանգի վարչապետ է ընտրվել Ավստրալիայի Հայ Դատի հանձնախմբի նախկին անդամ Գլեդիս Բերեջիքլյանը՝ փոխարինելով Մայք Բերդին: Հայ Դատի պաշտոնական կայքի հաղորդմամբ՝ 46-ամյա Բերեջիքլյանը ներկայացնում է նահանգի «Ազատական» կուսակցությունը: Նա դեռ երիտասարդ հասակում ակտիվ մասնակցություն է ցուցաբերել Ավստրալիայի հայկական համայնքի կյանքին, եղել է Հայ Մարմնակրթական…

Քաղաքականացում՝ Փոխան Հայապահպանումի

Ստիպուած ենք այս հին (բայց օրին լուծուած) վէճին անգամ մը եւս անդրադառնալու, իբրեւ ամբողջական թղթածրար: Սփիւռքը ապրող, կենսունակ եւ յարափոփոխ է՝ իր իրագործումներով եւ ձախողութիւններով: Անիկա ապրող օրկանիզմ մըն է՝ իր առողջ ու «հիւանդ» յատկանիշներով: Նաեւ տրուած ըլլալով, որ Սփիւռքը զերծ չէ համաշխարհային եւ հայաստանեան զոյգ թատերաբեմերու զարգացումներէն, անիկա կ՛ազդուի այդ բոլոր փոփոխութիւններէն, որոնք տեղի…

Սուրիոյ Պատերազմ.- Ասթանա՝ Աւարտին Սի՞զբը, Թէ Չաւարտող Սկիզբ Մը

Յունուար 12-ին Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարութեան խօսնակը յայտարարեց, որ սուրիական տագնապի լուծման նպատակով բանակցութիւններու նոր փուլը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 23-ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ: Նախաձեռնութիւնը հետեւանք էր Հալէպի ճակատամարտին պետական ուժերու յաղթանակին՝ քաղաքի արեւելեան թաղամասերէն հակապետական ուժերու հեռացումով եւ Դեկտեմբեր 22, 2016-ին յայտարարուած զինադուլով: Բանակցութիւններու փուլը Ռուսաստան-Թուրքիա-Իրան եռակողմանի նախաձեռնութիւն է: Երեք մրցակից ուժեր, որոնց…

«Հայրենիք»ի խմբագրական. Փայլան…փայլք եւ պատիժ

Յունուար 12-ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծի քննարկումին ընթացքին, ականատես եղանք հրմշտուքի եւ թոհուբոհի զանազան հոսանքներու պատկանող երեսփոխաններու միջեւ ծագած սուր վիճաբանութեան առթիւ: Զարմանալին այն է թէ, հազիւ 24 ժամ ետք, յաջորդ օրն իսկ, այդ միեւնոյն խնդրահարոյց տիպարներուն մեծ մասը, այս անգամ միասնաբար կը բողոքէին ու կը «քարկոծէին» քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ,…