
Պաշտօնական Պերլինը պարզ դարձուց, որ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ վեհաժողովը, նուիրուած սուրիական Իտլիպի իրավիճակին, պիտի կայանայ հոկտեմբերին: Վեհաժողովի այս լրատուութիւնը ինքնին կը նախանշէ, որ սուրիական հակամարտութեան գլխաւոր հանգոյցին` Իտլիպի ճակատագիրի որոշումը Թեհրան-Մոսկուա առանցքէն կը տեղափոխուի միջազգային հարթութիւն` նկատի ունենալով, որ այսպիսով բանակցութիւններուն մէջ կը ներգրաւուին Եւրոպայի ամէնէն հզօր պետութիւնները եւս: Պէտք չէ շտապել նկատելու…















