
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ապրիլ 8-ին, աւելի քան 150 հայորդիներ հաւաքուեցան Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտ, խաղաղ ցոյցով մը, իրենց ցասումն ու զայրոյթը արտայայտելու: Այս հաւաքը, կազմակերպած էր շրջանի Հ.Յ.Դ. «Սեպուհ» Կոմիտէն, գործակցաբար շրջանի Հայ Առաքելական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հետ: Ներկայ էին նաեւ տեղւոյն Հ.Ե.Դաշնակցութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եւ շաբաթօրեայ «Համաստեղ» վարժարանի աշակերտները: kՀազիւ քսան ազերի ցուցարարներ, մեծամասնութեամբ դեսպանատան պաշտօնեաներ, իրենց երկրին…















