
Միջինարեւելեան թէ ափրիկեան երկիրներէն դէպի Եւրոպա գաղթականներու անօրինական մուտքը երկար ժամանակէ ի վեր երեւոյթի վերածուած էր: Յատկապէս սուրիացի գաղթականներու նոր եւ յանկարծակի հոսքը համաեւրոպական ճգնաժամի վերածուելու նախադրեալները կը պարզէ: Լուսաբանման մեծ լուսարձակներ բացուած են մարդկային աղէտի սահմանները անցած եւ կեանքի ու մահուան առանցքին վրայ մեծ վտանգներ աչք առնելով ճամբայ ելած գաղթականներու ոդիսականներուն վրայ: Ցնցիչ լուսանկարներ,…















