
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն ունի սկզբունքներ, որոնցմէ անշեղ կը մնայ: Այդ սկզբունքներն են` Լիբանանի անկախութիւնը, ազատութիւնն ու գերիշխանութիւնը, հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնն ու ներքին քաղաքական տագնապները լուծելու համար երկխօսութեան որդեգրումը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցելու պատրաստակամութիւնը: Անդրադառնալով…















