
Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը, կը թուի, թէ պիտի շարունակէ խլել քաղաքական, հասարակական եւ լրագրողական շրջանակներու լուսարձակները։ Աւելի ծանր կը կշռեն, գէթ քանակի առումով, քննադատական մօտեցումները, որոնք կը կեդրոնանան որոշումի պարտադիր բնոյթին, մեր երկրի կախեալութեան, Եւրոմիութեան կողմէ Հայաստանի առջեւ դռներ փակելու, եւ երկիրը դէպի անորոշ հեռանկար առաջնորդուած ըլլալու տեսակէտներուն վրայ։ Քննադատութիւնները անշուշտ ունին իրենց տրամաբանութիւնն ու…















