
Պաքուի որոշումը` իրանեան քարիւղի ներմուծումը կասեցնելու, նախ եւ առաջ պէտք է դիտարկել Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի` Կովկաս այցելութեան անմիջական հետեւանքներու շրջանակներուն մէջ: Այս պարագային այլընտրանքային շուկան Ռուսիան է, ինչ որ նաեւ կը խթանէ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու յաւելեալ խորացման միտումները: Պաքուի արագ արձագանգումը համոզիչ կը դարձնէ, որ Պոլթընի այցելութիւնը տարածաշրջան իբրեւ անմիջական…















