
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Տարեմուտի մեր խոհերուն մէջ ու յատկապէս հայկականութեան եւ ազգային արժէքներու վերադարձի անհրաժեշտութեան ինքնապարտադրումին դիմաց, նախ եւ առաջ մեր հայեացքն ու յոյսը կ՛երթան բնականաբար հայ երիտասարդութեան: Վայրագ համաշխարհայնացումի անհատակեդրոն, նիւթապաշտական եւ ազգային մշակոյթը քանդելու յորձանուտին առաջին հասանելի զոհերը երիտասարդներն են անտարակոյս: Նոյն վայրագ համաշխարհայնացումը իր ստեղծած անդրազգային ու անդրհայրենիք գաղափարները կը տարածէ տեղեկութեանց անկաշկանդ…















