
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հետ, աշխատանքային այցով քաղաքս կը գտնուի: Պետական նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երկուշաբթի երեկոյեան այցելեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէութեան կեդրոնատեղի, ուր հանդիպեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու հետ։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակեցին Սփիւռքի մէջ հայապահպանման մարտահրաւէրներուն, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ծրագիրներուն, Արցախի զարգացման, Արցախի Հանրապետութեան…















