Պատմութիւն

28 Յուլիս 1904. ­Ռուս եւ թուրք սահ­մա­նա­պահ­նե­րու միա­ցեալ գրո­հով՝ սպան­դի են­թար­կո­ւե­ցաւ ­Սա­սու­նին օգ­նու­թեան փու­թա­ցող հայ ֆե­տա­յի­նե­րու «Որս­կան» խում­բը

29 ­Յու­լիս (հին տո­մա­րով ­Յու­լիս 16ին) 1904ին, ­Թաւ­րի­զի վրա­յով ­Թիֆ­լի­սէն ­Ժը­նեւ՝ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ին ու­ղար­կո­ւած հե­ռա­գիր մը կը տե­ղե­կաց­նէր. «­Հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի եր­կու խումբ, բաղ­կա­ցած 61 հո­գուց, ո­րոնց թւում եւ մի հա­սա­կա­ւոր քա­հա­նայ, մի բժիշկ, վի­րա­բոյժ, ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մալ­սա­րա­նի եր­կու ու­սա­նող եւ բա­ւա­կա­նա­չափ ու­րիշ ին­տե­լի­գենտ ան­ձինք, ­Յու­լիս 15/28ի գի­շե­րը կռո­ւի են բռնւում՝ Զար­դա­նիս գիւ­ղի ա­ւե­րակ­նե­րի մօտ, Էրզ­րու­մի…

Լիզ­պո­նի ­Հին­գին գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան անլ­ռե­լի պատ­գա­մը

27 ­Յու­լի­սը, 1983 թո­ւա­կա­նին, հիմ­նա­կան դար­ձա­կէտ մը ար­ձա­նագ­րեց Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին տա­րեգ­րու­թեան մէջ։ Յու­լիս 27ի այս օ­րը, 34 տա­րի ա­ռաջ, ­Լիզ­պո­նի մէջ, թրքա­կան դես­պա­նու­թեան հա­մա­լիր շէն­քը ա­րիւ­նա­լի թա­տե­րա­բե­մը դար­ձաւ հայ­կա­կան իւ­րօ­րի­նակ Ող­ջա­կիզ­ման։ Լիզ­պո­նի գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գրո­հը ի­րա­գոր­ծե­ցին հինգ ե­րի­տա­սարդ հա­յոր­դի­ներ։ ­Հինգն ալ Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ­ներ էին, ո­րոնք «­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Բա­նակ»ի ա­նու­նով գրա­ւե­ցին եւ…

25 Յուլիս 1897. Խանասորի Արշաւանքին 120ամեակը. Հայրենատէր Հայուն ազգային ինքնավստահութեան վերականգնումը

Յու­լիս 25ի այս օ­րը, 120 տա­րի ա­ռաջ, թրքա­կան եւ ռու­սա­կան կայս­րու­թեանց տի­րա­պե­տու­թեան տակ երկ­փեղ­կո­ւած, այ­լեւ ա­նոնց մի­ջեւ կռո­ւախն­ձոր դար­ձած Հա­յաս­տան Աշ­խար­հը ապ­րե­ցաւ ազ­գա­յին ու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան իր ինք­նավս­տա­հու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի հպար­տա­ռիթ պա­հը։ Ինչ­պէս որ ­Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին մաս­նա­կից­նե­րէն եւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման լու­սա­ւոր ռահ­վի­րա­նե­րէն ­Գա­լուստ Ա­լո­յեան հե­տա­գա­յին պի­տի գրէր իր սրտա­բուխ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան՝ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու կող­մէ պահ­պա­նո­ւած ու պան­ծա­ցո­ւած յե­ղա­փո­խա­կան…

24 Յուլիս 1923. Լօզանի Դաշնագիրին ամօթալի ուրացումն ու աններելի լռութիւնը

Լօզանի դաշնագրի յունական պատուիրակութիւնը՝ Էլէֆթերիոս Վենիզելոսի առաջնորդութեամբ եւ թրքական պատուիրակութիւնը՝ Իզմէթ Ինոնուի առաջնորդութեամբ 1923 թո­ւա­կա­նի ­Յու­լիս 24ը կը խորհր­դան­շէ սեւ է­ջե­րէն մէ­կը ­Հայ ­Դա­տի պատ­մու­թեան։ Յու­լիս 24ի այս օ­րը, 94 տա­րի ա­ռաջ, ­Զո­ւի­ցե­րիոյ ­Լօ­զան քա­ղա­քին մէջ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ հաշ­տու­թեան դաշ­նա­գիր մը ­Թուր­քիոյ եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ իբ­րեւ թուր­քեւ­յու­նա­կան խա­ղա­ղու­թեան դաշ­նա­գիր, ա­ռա­ջին ակ­նար­կով ­Հա­յաս­տա­նի, հայ ժո­ղո­վուր­դի…

21 Յուլիս 1922. Ճեմալ փաշայի ահաբեկումը Թիֆլիսի մէջ

Յու­լիս 21ի այս օ­րը կը խորհր­դան­շէ ար­դա­րա­հա­տոյց ա­հա­բե­կու­մը հա­յաս­պան իթ­թի­հա­տա­կան ե­ռա­պե­տու­թեան գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն՝ դահ­ճա­պետ հռչա­կո­ւած ­Ճե­մալ փա­շա­յի։ 95 տա­րի ա­ռաջ, 21 ­Յու­լիս 1922ին, խորհր­դայ­նաց­ման իր սկզբնա­կան փու­լին գտնո­ւող Վ­րաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք ­Թիֆ­լի­սի մէջ, օր¬ցե­րե­կով ա­հա­բե­կո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն ­Ճե­մալ փա­շան։ Ա­հա­բե­կու­մը թէեւ մաս կը կազ­մէր Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին կող­մէ…

12 Յուլիս 1921. Լեռնահայաստանի անկումը եւ Գարեգին Նժդեհի Պարսկաստան անցումը

1921ի այս օ­րը, Յու­լիս 12ին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­զատ ու ան­կախ վեր­ջին տա­րածքն ու միջ­նա­բեր­դը՝ Լեռ­նա­հա­յաս­տա­նը եւս ին­կաւ Կար­միր Բա­նա­կի տի­րա­պե­տու­թեան տակ։ Հա­յոց պատ­մու­թեան տխուր պա­հե­րէն մէ­կը կը խորհր­դան­շէ 12 Յու­լիս 1921ը, ո­րով­հե­տեւ 96 տա­րի ա­ռաջ հայ ժո­ղո­վուր­դը իր ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան վեր­ջին ար­ծո­ւե­բոյ­նը եւս զի­ջե­ցաւ Հա­յաս­տա­նին պար­տադ­րո­ւած խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան։ Շատ բան գրո­ւած է պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի…

5 Յուլիսին, 1921. Ստալինեան որոշումով՝ Լեռնային Ղարաբաղը բռնակցուեցաւ Ատրպէյճանին

1921 թո­ւա­կա­նի այս օ­րը՝ ­Յու­լիս 5ին, տխրահռ­չակ բռնա­տէր Ս­տա­լի­նի հրա­հան­գով՝ հա­մայ­նա­վար ­Ռու­սաս­տա­նը կոր­ծա­նա­րար ո­րո­շում մը պար­տադ­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դին։ 5 ­Յու­լիս 1921ի ա­ռա­ւօ­տեան վաղ ժա­մե­րուն, գոր­ծադ­րե­լով Ք­րեմ­լի ղե­կա­վա­րու­թեան վրայ մե­նա­կա­լու­թիւն հաս­տա­տած Ս­տա­լի­նի հրա­հան­գը՝ այս­պէս կո­չո­ւած ­Ռու­սա­կան Կո­մու­նիս­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան Կ. ­Կո­մի­տէի Կով­կա­սեան ­Բիւ­րոն ա­պօ­րի­նի ո­րո­շում մը կա­յա­ցուց եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը ան­ջա­տեց Հա­յաս­տա­նէն ու բռնակ­ցեց Ատր­պէյ­ճա­նին։ Պատ­մա­կան ու…

30 Յունիս 1862. Դիւցազնական Զէյթունի Առաջին Ապստամբութիւնը

Ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս դա­րէ ի վեր, հա­յոց ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու շրթնե­րէն միշտ կը հնչէ, եր­բեմն յաղ­թա­գոռ, եր­բեմն դող­դոջ ձայ­նով, փա­ռա­բա­նու­թիւ­նը դիւ­ցազ­նա­կան Զէյ­թու­նի, որ 1862 թո­ւա­կա­նի յու­նի­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն իր ա­ռա­ջին ապս­տամ­բու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ թուր­քե­րու օս­մա­նեան բռնա­տի­րու­թեան դէմ, յաղ­թա­կա­նօ­րէն ետ մղեց հա­յոց ա­նա­ռիկ ար­ծո­ւե­բոյ­նը գրա­ւե­լու թրքա­կան փոր­ձե­րը եւ Ազ­գին ու ­Հայ­րե­նի­քին կտա­կեց իր գօ­տեպն­դիչ քայ­լեր­գը. Կեց­ցէ՛ ­Զէյ­թուն, ապ­րի՛…

26-28 Յունիս, 1993. Մարտակերտի ազատագրումը եւ Արցախեան հերոսամարտի վերջնական յաղթանակի փուլը

Յու­նիս 28ի այս օ­րը, 24 տա­րի ա­ռաջ, Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տը թե­ւա­կո­խեց վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կի իր փու­լը, երբ ­Յու­նիս 26ին Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին ձեռ­նար­կած՝ ­Մար­տա­կեր­տի ուղ­ղու­թեամբ վճռա­կան գրո­հը յաղ­թա­նա­կով պսա­կո­ւե­ցաւ եւ գլխա­կո­րոյս փա­խուս­տի մատ­նեց ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քը։ Ե­թէ 8-9 ­Մա­յիս 1992ին ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մով Ար­ցա­խեան պայ­քա­րը սկիզ­բը դրաւ Հա­յաս­տա­նի հետ ­Լա­չի­նի անց­քով ի­րո­ղա­կան վե­րա­միաց­ման իր յաղ­թար­շա­ւին, ա­պա՝ 1993ի ­Յու­նիս 26-28ին,…

27 Յունիս 1826. Ենիչերիներու ապստամբութիւնը եւ ոչնչացումը

Յու­նիս 27ի օ­րը, 191 տա­րի ա­ռաջ, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րակ­նե­րէն Էթ ­Մէյ­տա­նի կամ ­Սուլ­թա­նահ­մէտ ­Մէյ­տա­նի վրայ, օ­րո­ւան սուլ­թան Մահ­մուտ Բ.ի հրա­հան­գով՝ մինչ այդ Թր­քա­կան ­Բա­նա­կի ընտ­րա­նին ու փառ­քը հռչա­կո­ւած Ե­նի­չե­րի­նե­րը հա­զար­նե­րով սպան­նո­ւե­ցան… Այդ­պի­սով վերջ գտաւ հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռու­մով զօր­քե­րու պատ­մու­թեան մէջ իր բա­ցա­ռիկ վայ­րագ ու ան­գութ ա­ռաս­պե­լը ստեղ­ծած Ե­նի­չե­րի­նե­րու… տխրահռ­չակ «ա­ւան­դու­թիւն»ը։ Ընդ­հան­րա­պէս օս­մա­նեան լու­ծի տակ ապ­րած…