
Մեր ազգային յիշողութեան մէջ Անդրանիկ կը մարմնաւորէ քաջ ու խիզախ հերոսի եւ անպարտելի մարտիկի անկորնչելի աւանդ մը, որ մինչեւ մեր օրերը ինքնավստահութեամբ եւ յանդգնութեամբ, հպարտութեամբ եւ մարտունակութեամբ կը ջրդեղէ հայոց նորահաս սերունդներու միտքն ու հոգին։ Դարաշրջան խորհրդանշող հերոսներով հարուստ եղած է մեր ժողովուրդը, հազարամեակներու իր պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն։ Աւանդ ստեղծած այդ հերոսները իրենց բացառիկ տեղը…















