
24 Յունիս 1956ի վաղ առաւօտեան, անակնկալ անհանգստութեամբ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ եւ, նոյն կէսօրին, մեր կեանքէն ապաժամ հեռացաւ Գաղափարի մեծ մարտիկն ու Դաշնակցական Հսկան։ Ընկեր Վահան Նաւասարդեան ոչ եւս է՝ գուժեց «Յուսաբեր»ը, ՀՅԴ Եգիպտոսի պաշտօնաթերթը, որ ձեռակերտն ու միանգամայն պատուանդանը հանդիսացաւ բոցաշունչ հրապարակագրին։ Աշխարհով մէկ, Միջին Արեւելքի հայօճախներէն մինչեւ Յունաստան, Ֆրանսա, Մ. Նահանգներ ու Հարաւային Ամերիկա, Դաշնակցութեան…















