Մարզպետ (Ղազարոս Ղազարոսեան, 1878-1918). Մեծ Եղեռնէն վերապրած տարագիր հայ բեկորներուն փրկարար Ասպատակը

1918 թուականի Մայիս 31ին, արկածի հետեւանք անհեթեթ մահ մը հայ իրականութենէն ընդմիշտ հեռացուց արժանաւոր հայորդի մը՝ Մարզպետ գրչանունով ճանչցուած Ղազարոս Ղազարոսեանը, որ Մեծ Եղեռնի տարիներուն, Հաճի Հիւսէյին Էֆէնտի կեղծ անունով, ասպատակող խումբ մը կազմած՝ մահուան ճիրաններէն փրկեց հարիւրաւոր հայ տեղահան տարագիրներ։

Հայ ազգային¬ազատագրական շարժման ականաւոր դէմքերու շարքին իր յատուկ տեղը ունի Մարզպետ, որուն կեանքն ու գործը ներկայացնելով՝ Գաբրիէլ Լազեան իր «Դէմքեր»ու երկրորդ հատորին մէջ կը վկայէ.¬

«Մանկավարժութիւն աւարտած ուսուցիչ մը, որուն վիճակուեցաւ, եւրոպական առաջին պատերազմին, կրել Հաճի Հիւսէյին անունը եւ դառնալ կազմակերպիչը հայ ասպատակներու։ Անգլիացի Լորէնսի նման ծպտուած՝ գործեց հիւսիսային Արաբիոյ մէջ, ա՛յն տարբերութեամբ, որ Մարզպետ ոչ թէ կայսրութեան մը փառքը աւելցնելու համար գործեց, այլ պայքարեցաւ ամէնքէն լքուած ու հալածուած իր ժողովուրդը պաշտպանելու եւ վրէժ առնելու համար իր ցեղի դահիճներէն»։

Ղազարոս Ղազարոսեան ծնած էր 1878ին, Կեսարիոյ Թոմարզա հայաշատ գիւղը։ Մանուկ հասակին որբացած՝ ղրկուած էր Պոլիս եւ յանձնուած հօրեղբօր հոգատարութեան։ Նախակրթութիւնը ստացած էր Պէզճեան վարժարանի մէջ եւ, բարձրագոյն ուսման համար, հօրեղբօր կողմէ ուղարկուած էր Գերմանիա, ուր աւարտեց Լայպցիկի համալսարանի մանկավարժութեան ճիւղը։

Համալսարանաւարտ եւ քանի մը լեզուներու տիրապետող (մայրենի լեզուին պէս կը տիրապետէր թրքերէնին), Մարզպետ նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ, առաջին հերթին Պուլկարիոյ մէջ, Վառնա եւ Ֆիլիպէ, ուսուցչական պաշտօն վարելով հայկական վարժարաններու մէջ։

Պուլկարիան եղաւ նաեւ գաղափարական իր մկրտութեան օրրանը. միացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ նետուեցաւ յեղափոխական շարժման մէջ։

Ինչպէս մեծամասնութիւնը դաշնակցական իր սերունդին, Մարզպետ իր կարգին ղրկուեցաւ Պարսկաստան՝ Ատրպատական, որ այդ շրջանին Դէպի Երկիր մուտքի պատրաստութեան կեդրոնն էր։ Ձեռք ձգած էր աւստրական անցագիր մը՝ Հայկ Առաքելեան անունով։ Ատրպատականի մէջ իբրեւ ուսուցիչ կարճատեւ գործունէութենէ ետք, Մարզպետ անցաւ սահմանը եւ հաստատուեցաւ Վան։ Հոնկէ՝ Սեպուհի հետ միասին, ղրկուեցաւ Բաղէշ, տեղւոյն հայութիւնը ինքնապաշտպանութեան պատրաստելու առաքելութեամբ։

Մարզպետ բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ նաեւ կրթական կեանքի կազմակերպման եւ աշխուժացման մէջ։ Այդ շրջանին առաջացուց նաեւ «Սերոբ Աղբիւր» անունով մարմին մը, որ Սասնոյ մեծանուն հերոսի ընտանիքին տիրութիւն ընելու կողքին, հիմնեց համանուն գրադարան մը՝ Բաղէշի հայ երիտասարդութեան գաղափարական ժամադրավայրը դարձնելով զայն։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Մարզպետ կանչուեցաւ Պոլիս, ուր ուսուցչութեան կողքին կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ «Ազատամարտ»ին, գաւառներու հայութեան կեանքին եւ դիմագրաւած խնդիրներուն նուիրուած յօդուածներով։

Այդ շրջանին սերտ գործակիցը դարձաւ Շաւարշ Միսաքեանի, որ «Ազատամարտ»ի խմբագիրներէն էր եւ որուն հետ Մարզպետ մտերմացած էր Պուլկարիոյ մէջ իբրեւ ուսուցիչ իր պաշտօնավարութեան շրջանին։ Մտքի եւ գրչի այս հաւատաւոր ընկերներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդուեցաւ յատկապէս 1915ի Ապրիլ 24ի հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութենէն եւ աքսորէն ետք։ Մարզպետ իր կարգին ընդյատակեայ գործունէութեան անցաւ, ամիսներով թագստոցներու մէջ ապրեցաւ ու գործեց ի խնդիր ձերբակալուած հայ մտաւորականներու ազատ արձակման կամ բանտէ փախուստին։ Նման նախաձեռնութեան մը համար իր թագստոցէն դուրս գտնուած ատեն, մատնութեան հետեւանքով, Պոլսոյ կամուրջին վրայ Մարզպետ ձերբակալուեցաւ եւ տարուեցաւ Կեսարիոյ բանտը՝ զինք յաւելեալ քննութեան ենթարկելու նպատակով։

Ձեռներէց եւ հնարամիտ կեսարացիի հարազատ կերպար էր Մարզպետ եւ թրքերէնի իր տիրապետումը լաւագոյնս օգտագործեց՝ բանտապահներուն հաւատացնելու համար, որ ինք իբր թէ իթթիհատական իշխանութեանց կողմէ ընդյատակեայ գործունէութեան կոչուած հայերու մատնիչ մըն էր եւ թիւրիմացաբար բանտ բերուած էր։ Երկար պնդումներէ ետք յաջողեցաւ բանտապետին համոզել, որ իբր թէ անձամբ ներքին գործոց նախարար Թալէաթին կարեւոր տեղեկութիւններ ունէր փոխանցելու։ Այդ պատճառով ալ տարուեցաւ Պոլիս, ուր անշուշտ ի յայտ եկաւ, որ ինքնակոչ այդ «մատնիչը» ոչ մէկ յատուկ տեղեկութիւն ունէր Թալէաթին փոխանցելու համար։ Որոշեցին ետ Կեսարիա ուղարկել Մարզպետին, բայց ան արդէն կազմակերպած էր իր փախուստի ծրագիրը եւ դէպի Կեսարիա ճամբու ընթացքին, Գոնիայի մէջ, կրցաւ իրեն ընկերակցող ոստիկաններու հսկողութենէն խոյս տալ։

1916ի Փետրուարին Մարզպետ արդէն ազատօրէն կը շրջէր Գոնիայի մէջ. երկար մօրուք ձգած էր, հրեայ Պոֆոր Էֆէնտի անունով անցագիր մը ճարած էր եւ գերմաներէնի իր հմտութեամբ պաշտօն գտած էր գերմանական երկաթուղագիծի կառուցման ընկերութեան մէջ։ Կազմած էր դաշնակցական իր ընկերներուն՝ Տիգրան Ծամհուրի, Խոսրով Պապայեանի եւ փրոֆ. Ա. Խաչատրեանի հետ ասպատակներու խումբ մը, տեղահան ու տարագրեալ հայերուն օգնութեան հասնելու նպատակով։ Կապ հաստատած էր Պոլիս՝ ընդյատակ գործող Շաւարշ Միսաքեանի հետ, որուն թելադրանքով Մարզպետ մանրամասն տեղեկութիւններ հաւաքեց գաւառներու հայութեան դէմ կատարուած խժդժութեանց մասին եւ փոխանցեց Պոլիս, ուրկէ Շաւարշ Միսաքեանի միջոցաւ այդ տեղեկութիւնները փոխանցուեցան Եւրոպա՝ դաշնակից պետութեանց ներկայացուելու եւ հանրային կարծիքին հաղորդուելու համար։

Այդպէ՛ս սկսաւ եւ թափ առաւ Մարզպետի ասպատակային գործունէութիւնը։ Իբրեւ գերմանացիներու մօտ պաշտօնավարող հրեայ, ան գործեց Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններու մէջ՝ տեղ մը ձիաւոր խումբով յարձակելով հայ տարագիրներ փոխադրող թուրք ոստիկաններու վրայ եւ ազատելով մահուան դատապարտուած իր ազգակիցները, կամ՝ ասպատակելով եւ գողնալով թուրք ոստիկաններուն ուղարկուած պարէնը, որպէսզի կարելի ըլլար հոգալ անապատը կտրող եւ ծայրագոյն անօթութեան մատնուած հայերը։

Այդ գործունէութեամբ Մարզպետ երկար շրջան մը ապրեցաւ Հալէպի մէջ, միշտ իբրեւ գերանական ընկերութեան հրեայ պաշտօնեայ եւ հոնկէ կազմակերպեց իր ասպատակումները։ Եւ երբ թրքական իշխանութիւնները սկսան կասկածիլ ու հետապնդումի ենթարկել խորհրդաւոր «հրեան», Մարզպետ հեռացաւ Հալէպէն եւ յայտնուեցաւ կեսարիոյ մէջ՝ այս անգամ իբրեւ թուրք վաճառական – Հիւսէյին Էֆէնտի կեղծանունով – շարունակելու համար անպաշտպան եւ անօթեւան հայերուն օգնութեան հասնելու ասպատակային իր գործունէութիւնը։

Այս շրջանին Մարզպետ մեծապէս օգտուեցաւ Կեսարիոյ թուրք կուսակալին հետ հաստատած իր անձնական մտերմութենէն։
Բայց ճակատագրի հեգնանքով անհեթեթ մահը յանկարծ առյաւէտ ընդհատեց յանդուգն գործունէութիւնը Մարզպետի։
Ձիով շրջագայութեան պահու մը, 31 Մայիս 1918ին, պատահական արկածի մը հետեւանքով ան գլորեցաւ ձիէն եւ մահացու վիրաւորուեցաւ։ Օգնութեան հասած թուրք բժիշկները չկրցան փրկել իրենց «ազգակից»ին կեանքը։ Հաճի Հիւսէյին Էֆէնտի իր մահկանացուն կնքեց եւ մահմետական կարգով թաղուեցաւ թուրք մոլլայի մը կողմէ։

Մարզպետի կորուստը ողբալու հնարաւորութիւն մեր ժողովուրդը ունեցաւ միայն Աշխարհամարտի աւարտէն ետք։ «Ճակատամարտ» անունով վերահրատարակուող «Ազատամարտ»ը ըստ արժանւոյն ներկայացուց Մեծ Եղեռնի տարիներուն հայ տարագիրներու պահապան հրեշտակ այս յանդուգն Ասպատակին կեանքն ու գործունէութիւնը։

Հայ յեղափոխականի եւ դաշնակցական գործիչի ինքնատիպ կերպար մը մարմնաւորած Մարզպետի յիշատակը ոգեկոչող այս վկայութիւնը կարժէ աւարտել «Ազատամարտ»ի էջերուն 1909ին գրուած եւ իր ստորագրութիւնը կրող յօդուածի մը հետեւեալ տողերով, ուր Մարզպետ կը նկարագրէ հայկական նահանգներու մէջ տիրող համատարած թշուառութեան եւ ծայրայեղ զրկանքի վիճակ, որուն բարւոքման ի խնդիր անդուլ պայքարը նպատակակէտը դարձաւ հայու մեծ սրտի տէր այս Գաղափարի Զինուորին.-
«Վասպուրականի ու Տարօնի գիւղերուն մէջ ժողովուրդը չունի անկողին մը՝ իր ամէնէն յարգելի հիւրին հրամցնելու իսկ։ Ամբողջ գիւղական ժողովուրդը կը պառկի թաղիքներու մէջ պլլուած։ Առած սնունդն ալ ասոր համեմատ է։ Երբեմնի ցորենով այնքան հարուստ Մշոյ դաշտը այսօր կարօտը կը քաշէ կըլկըլի եւ կորեկի աւազանման հացին։ Սասունը այդ ալ չունի։ Իսկ կառկառը եւ Խիզանը ամբողջ ձմեռը կէս անօթի անցընելէ ետք՝ անհամբեր կը սպասեն իրենց լեռներուն սեւանալուն, որ գոնէ խոտով սնունդ ճարեն, այսինքն արածելով ապրին։

«Աշխատաւոր ձեռքեր կան, բայց չկայ աշխատանք։ Ի՞նչ ընել սակայն, «ճիճերը հաց կþուզեն», հոգէառ «հարկահաւաքը իր տուրքերը կþուզէ»։ Եւ խեղճ հայաստանցին այս կրկնակի մտրակներէն մղուած՝ ցուպը ձեռքը կþառնէ եւ կը դիմէ դէպի անորոշ ու վտանգներով լի հեռո՜ւն – դէպի պանդխտութիւն եւ արտագաղթ»։

Ն.
azator.gr

Տպել Տպել