Վարդան (Շահպազ) Տօնիկեան 1864-1959 թթ.

vartanՎարդան Տօնիկեան ծնած է 1864-ին, Սեբաստիոյ Տիւրիկ գաւառի Օտուր գիւղը: 25 տարեկանին կ՛անցնի Պոլիս, 1890-ական թուականներուն կը միանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

Այնուհետեւ կը ճանչցուի իր յեղափոխական անունով` Վարդան Շահպազ: Չորս հայրենակիցներով կը մասնակցի Պանք Օթոմանի գրաւման` Բաբգէն Սիւնիի, Արմէն Գարոյի եւ Հրաչ Թիրեաքեանի կողքին, որոնց հետ կ՛անցնի Մարսէյ, Պուէնոս Այրէս, յետոյ Լոնտոն եւ Պուլկարիա: Կը վերադառնայ Պարսկաստան եւ 1897-ին կը մասնակցի Խանասորայ արշաւանքին: Ապա կը գործուղուի Վասպուրական` շրջան մը կատարելով կուսակցութեան ներկայացուցիչի դերը: 1904-ին, իբրեւ պատգամաւոր, կը մասնակցի ՀՅԴ երրորդ Ընդհանուր ժողովին:

Շրջան մը, Վասպուրականին զէնք ապահովելու համար Վարդան Շահպազ կը մեկնի Կովկաս, ուր կը ճաշակէ ցարական բռնակալութեան բոլոր արհաւիրքները: Իբրեւ դաշնակցական գործիչ, ան կ՛աքսորուի Սիպերիա:

1909-ին Ատանայի ջարդէն ետք կը լծուի ժողովուրդի զինելու եւ զայն ինքնապաշտպանութեան պատրաստելու գործին: 1917-ին կը մասնակցի Ղարաքիլիսէի կռիւներուն:1918ի կը մասնակցի Նուրի փաշայի դէմ եղած կռիւներուն: Ան եղած է զօր. Անդրանիկի խումբերու մատակարար: 1927-ին կ՛անցնի Սուրիա` զբաղելու քրտական շարժումներով: Ապա կը հաստատուի Քեսապ, հոնկէ` Պէյրութ:

1946-ին ներգաղթի աւետիսը կը փոթորկէ զայն, որովհետեւ կ՛ուզէ իր վերջին օրերը անցընել մայր հայրենիքին մէջ: Սակայն երբ կը լսէ, որ Հայաստան երթալու պայմանը Դաշնակցութենէն հրաժարիլն է, կը մերժէ, որովհետեւ այդ քայլը ինքնին մահ կը նշանակէր: Մեծ յուսախաբութիւն ապրելով կեանքը կը շարունակէ ճգնաւորի մը նման: Կը մահանայ 8 յունիս 1959-ին եւ կը թաղուի Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել