
80 տարի առաջ, Փետրուար 11ի այս օրը, Մարսէյլի մէջ «Համազգային»ի կողմէ կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեան մը ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, օրուան պատգամաբերը բեմին վրայ չկրցաւ աւարտել իր խօսքը.- Ուղեղի կաթուածը յաւիտենական լռութեան մատնեց Աւետիս Ահարոնեանին՝ Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան մեծ երգիչին։ Համակերպումի եւ պարտուողականութեան լռութիւնը մերժող, այլեւ ու մանաւանդ ստրկամիտ լռութեան դէմ ամբողջ…















