
Յուլիս 24ի այս օրը կը լրանայ 90ամեակը Լօզանի Դաշնագրին ստորագրութեան, որ սեւ էջ մը բացաւ Հայ Դատի պատմութեան մէջ։ 24 Յուլիս 1923ին, Զուիցերիոյ Լօզան քաղաքին մէջ, ստորագրուեցաւ հաշտութեան դաշնագիր մը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։ Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ թուրքեւյունական խաղաղութեան դաշնագիր, առաջին տպաւորութեամբ Հայաստանի, հայ ժողովուրդին եւ Հայ Դատի հետ ուղղակի աղերս չունէր, պէտք չէ ունենար…













