27 Մայիս 1918. Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի վճռորոշ յաղթանակները

pash-abaranՄայիս 27ի այս օրը, 95 տարի առաջ, Բաշ-Ապարանի ճակատին վրայ, ծանր պարտութիւն կրեցին Հայաստանի սիրտը՝ Երեւանը գրաւելու ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկած թրքական զօրքերը։

Իսկ Մայիս 21ին սկսած եւ Ղարաքիլիսայի (Վանաձոր) ճակատը ճեղքելով դէպի Երեւան յառաջանալու թրքական շարժումները, ամբողջ շաբաթ մը բախելէ ետք Գարեգին Նժդեհի հրամանատարութեամբ մարտնչող հայկական ուժերու դիմադրութեան անխորտակ պատնէշին, Մայիս 28ին ի վերջոյ չարաչար պարտութիւն կրեցին եւ ծանր կորուստներ տալով նահանջեցին

Այդպէ՛ս, Մայիս 25-26ին Սարդարապատի ճակատին վրայ պարտուելէ եւ նահանջելէ ետք, թրքական բանակը շուտով կքեցաւ նաեւ Բաշ-Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ։

Բաշ-Ապարանի ճակատին վրայ, ԴՐՕի հրամանատարութեան տակ թշնամիին դէմ օրհասական կռիւ մղող հայկական ուժերը՝ զօրայիններ թէ կամաւորականներ, Մայիս 23էն սկսեալ թրքական հրետանիին եւ գերազանցօրէն մեծաթիւ զօրքին յա- ռաջխաղացքին հերոսաբար դիմադրելէ ետք, Մայիս 26ին ի վերջոյ կրցան կոտրել թշնամիին թափը եւ անցնիլ հակայարձակման։

Ինչպէս որ Սիմոն Վրացեան կը վկայէ՝

«Մայիս 23ին թշնամին, խոշոր ուժերով, յարձակման դիմեց Բաշ-Ապարանի ճակատում։ Սկսուեցին արիւնահեղ կռիւներ։ ԴՐՕին յաջողուեց կանգնեցնել նրա յառաջխաղացումը՝ զգալի կորուստ պատճառելով նրան։

«Ստանալով օժանդակ ուժեր, թիւրքերը նորից անցան յարձակման՝ հանդիպելով մերոնց յամառ դիմադրութեան։ Կռիւները տեւեցին մի քանի օր։ Այստեղ էլ մեր զօրքերը երեւան բերին արտակարգ տոկունութիւն ու քաջութիւն։ ԴՐՕի հմուտ ղեկավարութեան տակ նրանք յետ շպրտեցին թշնամու բոլոր գրոհները եւ Մայիս 27ին, մի խիզախ հակագրոհով, փախուստի մատնեցին թշնամուն։ Այդ ճակատամարտում հերոսական մահով ընկաւ հայ լաւագոյն հայդուկներից մէկը՝ ձիաւոր խմբի հրամանատար Զեմլեակը»։

Թրքական զօրքի հրամանատարութիւնը, հայկական ուժերու թոյլ կողմերը հարուածելու մարտավարական յատուկ հաշուարկով, Բաշ-Ապարանը ընտրած էր իբրեւ իր ընդհանուր յարձակողականի երեք ուղղութիւններէն մէկը։ Թէեւ թրքական զօրքի գըլ- խաւոր կեդրոնացումը Սարդարապատի ճակատին վրայ էր, բայց Երեւանի դիմադրական ուժը ջախջախելու համար, Վեհիբ փաշան իր յոյսը դրած էր Բաշ-Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի դիմադրութիւնը ճզմելու եւ Երեւանը թիկունքէն հարուածելու մարտավարութեան վրայ։

Թշնամիին հաշիւները սխալ դուրս եկան եւ Բաշ-Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի յաջող դիմադրութիւնը հնարաւորութիւնը ընձեռեց Երեւանին, որպէսզի թիկունքէն ապահով՝ ինքնավստահ ու վճռական կռիւ մղէ Սարդարապատի ուղղութեամբ գրոհող թրքական զօրքի գլխաւոր կեդրոնացումին դէմ։ Եւ Մայիս 25ին թափ առած հայկական յաղթական հակայարձակումը իր առաջին պտուղը տուաւ Բաշ-Ապարանի ճակատին վրայ եւս՝ անփառունակ պարտութեան մատնելով ցեղասպան Թուրքիոյ բանակը։

Նոյնքան բախտորոշ կռիւ մղուեցաւ Ղարաքիլիսայի ճակատին վրայ, որ դէպի Պաքու արշաւող թրքական զօրքի յաղթարշաւին մէջ, Երզնկայի, Կարնոյ, Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) իրերայաջորդ անկումներէն ետք, դարձած էր Արարատեան դաշտին մէջ ծուարած հայութեան ամէնէն թոյլ թիկունքի կէտը։ Այսուհանդերձ՝ շնորհիւ Ղարաքիլիսան անառիկ պահող հայկական ուժերու մարտունակութեան, թրքական զօրքերը չկրցան յառաջ շարժիլ եւ չյաջողեցան թիկունքէն հարուածել Սարդարապատի ճակատին վրայ կեդրոնացած հայկական ուժերը։ Իսկ Մայիս 25էն սկսեալ, երբ Սարդարապատի մէջ յաղթանակած հայկական ուժերուն զօր. Սիլիկեան տուաւ ընդհանուր հակայարձակման անցնելու հրամանը, Ղարաքիլիսայի ճակատին վրայ կռուող հայկական ուժերը դիմադրական կռուէն անցան յարձակողական գրոհի։

Համացանցի վրայ «Ազգ» թերթի 31 Մայիս 2008ի թուակիր «Ղարաքիլիսայի հերոսամարտը եւ նրա դասերը» յօդուած մը հետեւեալ շահեկան արժեւորումը կը կատարէ.

«1918 թուականի մայիսեան հերոսամարտերի շարքում Ղարաքիլիսայի հերոսամարտը բացառիկ նշանակութիւն է ունեցել: Նժդեհը գրել է. «1918թ. Մայիսի վերջերին վարել եմ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտը: Առանց Ղարաքիլիսայի ճակատամարտի ոչ թէ այսօրուայ Խորհրդային Հայաստանը, այլեւ այդ երկրամասի վրայ այսօր ապրող հայութիւն չէինք ունենայ: Ղարաքիլիսայի եռօրեայ հերոսականը գըլ- խովին ոչնչացումից փրկեց Արարատեան հայութեանը եւ հիմքը դրեց Հայկական պետութեան»:

«1919 թուականի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աւետիս Ահարոնեանը Ղարաքիլիսայի հերոսամարտը համարել է 20րդ դարի Աւարայր. «…Ղարաքիլիսայի բախտորոշ ու արիւնահեղ ճակատամարտի ոգին ու մեծութիւնն ըստ արժանւոյն գնահատելու եւ ըմբռնելու համար, հարկ է գրեթէ կրօնական երկիւղածութեամբ մօտենալ փաստերին: Ղարաքիլիսայի պատմական կռիւը հայ-թուրքական պատերազմի ամէնից բնորոշ դրուագն է իր ծաւալով ու տեւողութեամբ: …Հայ ցեղի լինել-չլինելու խնդիրն էր վճռւում Ղարաքիլիսայի առջեւ»:

«Հիմա տեսէք, թէ ի՛նչ է ասել 1918 թուականի Մայիսի 31ին, Բաթումի բանակցութիւնների ժամանակ, Կովկասում թուրքական զօրքերի հրամանատար Վեհիբ փաշան.- «Ղարաքիլիսան բացառիկ ճակատամարտ էր համաշխարհային այս պատերազմի պատմութեան մէջ։ Դա ամէնից լուրջ ճակատամարտն էր, որին ես մասնակցեցի Դարդանէլից յետոյ: Ղարաքիլիսայի տակ հայերը ցոյց տուեցին, որ կարող են լինել աշխարհի լաւագոյն զինուորները»:

«Հիմա ընթերցենք «Մշակ» թերթի գնահատականը 1918 թուականի Յունիսի 9ին. «Հայերի՝ թուրքական զօրքերի դէմ մղած պայքարի մէջ, Ղարաքիլիսայի կռիւը բռնում է բացառիկ տեղ իր խիզախութեամբ եւ հերոսական ոգով: Հայ-թուրքական կռիւներում ոչ մի տեղ հայկական զօրքերը այնպիսի խիզախ, անձնուրաց դիմադրութիւն չցուցաբերեցին, ինչպէս այդ արին Ղարաքիլիսայի մօտ հայ գիւղացիները. այդ լեռնական, երկրագործ եւ հովիւ մարդիկ։ Այդ հերոսամարտը զգալի չափով թեթեւացրել է թուրքական ուլտիմատումի ծանրութիւնը եւ թուրք պատուիրակներին թելադրել է զիջող լինել: Եւ այն 1500 քառակուսի վերստ տարածութիւնը, որ թուրքական պատուիրակութիւնը զիջել է մեր պատուիրակութեանը, դա եղել է շնորհիւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտի: Փա՜ռք, ուրեմն, այդ հերոսներին»:

Այսպիսի՛ հերոսական՝ Ազգ ու Հայրենիք, Պատմութիւն եւ Պետութիւն կերտող մայիսեան օրեր ապրեցաւ հայութիւնը, 95 տարի առաջ, Արարատեան դաշտին մէջ եւ շուրջ։

«Մայիս 28»ի խորհուրդը խտացումն է օրհասական վտանգի եւ գերագոյն ծառացումի, դիմադրական անձնուրաց կռուի եւ ռազմական փայլուն յաղթանակի այսօրինակ պահերուն, որոնք ներշնչման աղբիւր եւ նոր կեանքի՝ ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ գերիշխան ապրելու մեր արժանաւորութեան երաշխիքը կազմեցին։

Այդ ներշնչումով է, որ ամէն Մայիս 28ի, աշխարհի չորս ծագերէն, հայ մարդոց հայեացքը կþուղղուի դէպի Սարդարապատ, Բաշ-Ապարան եւ Ղարաքիլիսա։ Նոյն հպարտութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ, այս օրերուն, Հայաստան աշխարհն ու հանուր հայութիւնը կը տօնեն հայոց ազգային անկախ պետականութեան ստեղծման 95ամեակը։

Ի՜նչ փոյթ, որ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, պաշտօնապէս, իբրեւ սոսկ Հանրապետութեան Օր կը տօնէ Մայիս 28ը. իր լիարժէք ու ամբողջական նշանականութեամբ դեռ վերականգնած չէ Հայաստանի Անկախութեան նուաճման Օրը։

Կարեւորը ա՛յն է, որ ի հեճուկս տասնամեակներու ուրացումին, հայ ժողովուրդը իր հոգիին ու մտքին խորերը անեղծ պահեց Մայիս 28ով նուիրագործուած «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»ի հանգանակը եւ այսօր, ազգային ու պետական իր տօներու շարքին, արժանի տեղը տուած է նոյնիսկ ոչ-լիարժէք վերարժեւորուած Մայիս 28ին։

Եւ ինչպէս որ Մայիս 28ը կերտած Հայաստանի Անկախութեան Սերունդին տարագիր պատգամաբերները, մօտաւոր անցեալին եւ այս օրուան առթիւ, մարգարէական շունչով կþաւետէին՝ անպայման կու գայ նաեւ այն օրը, երբ արդէն «Ազատ ու Անկախ» Հայաստանը կը նուաճէ «Միացեալ»ով առաջադրուած իր ամբողջացումը եւս։

Պարզապէս պէտք է հաւատա՛լ, ինչպէս անցեալին՝ նոյնպէս եւ այսօր, որ անկախութեան պայքարը շարունակելու, թշնամի հարուածներուն տակ անձնատուր չըլլալու եւ յարատեւ կռուին տոկալու մարտունակութեան մէջ է փրկութեան եւ ամբողջական յաղթանակի անփոխարինելի երաշխիքը։

Մայիս 28 է դարձեալ եւ այսօր, աւելի քան երբեք, Հայաստանի Ազատութեան ու Անկախութեան փաստին եւ գաղափարին շուրջ համախմբուած ու միացած են աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդին անխտիր բոլոր զաւակները, քաղաքական թէ կուսակցական, դաւանական կամ ընկերային ի՛նչ արեւելում ալ որդեգրած ըլլան անցեալին, կամ շարունակեն ունենալ հիմա ալ։

Հայ քաղաքական մտքի այդ միասնականութեան արմատաւորումն ու վերանորոգումը, իբրեւ այսօրուան եւ վաղուան ազգային ռազմավարութեան ու հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի լինելութեան գլխաւոր նախադրեալ եւ երաշխիք, կը հանդիսանան թիւ մէկ ուղենիշը Մայիս 28ին ճամբայ ելած Հայաստանի Անկախութեան մեծ երթին։

Մայիս 28ի ուշենշային ա՛յս պատգամը՝ Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան շուրջ բոլորուելու եւ միաւորուելու ա՛յս աւանդն է, որ այսօր աշխարհի չորս ծագերուն, հայ ժողովուրդի անխտիր բոլոր զաւակներուն միտքն ու հոգին հպարտութեամբ կը լեցնէ։

Եւ բոլորիս քայլերն ու հայեացքը կþուղղէ դէպի Սարդարապատ, Բաշ-Ապարան եւ Ղարաքիլիսա՝ դէպի ազգային ինքնաճանաչման մեր հերոսական պատն ու պատնէշը։

Ն.
azator.gr

Տպել Տպել